Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թարեք Մաժզուպ. « Պիտի Չարտօնեմ Կրթական Մարզին Փլուզումը, Ոչ Ալ Ուսուցիչներուն Աշակերտներուն Ուսման Իրաւունքէն Պիտի Զիջիմ»

September 2, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0
Lebanon’s Education Minister Announces Agreement to Return to Blended Teaching as of March 22

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ առցանց ուսման մեթոտը անարդար է` հաստատելով, որ կրթութիւնը հայրենիքին հիմնասիւնն է:

Մաժզուպ ընդգծեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի սեպտեմբեր ամսուան աւարտէն առաջ դպրոցներուն մազութ ապահովելու` սկսելու համար 2021-2022 կրթական տարեշրջանը: Ան նկատել տուաւ, որ նուիրատու կողմերուն տրամադրած գումարներով ուսուցչական կազմերուն եւ վարչական անձնակազմերուն պենզին պիտի ապահովուի, որովհետեւ ամէնօրեայ դրութեամբ վաւերացուած 24.000 լ. ոսկիի փոխադրածախսը անբաւարար է:

«Կրթութեան մարզի փլուզումը պիտի չարտօնեմ, իսկ ուսուցիչներուն իրաւունքէն եւ աշակերտներուն ուսման իրաւունքէն պիտի չզիջիմ», հաստատեց Մաժզուպ:

Ան ընդգծեց, որ իբրեւ կրթութեան նախարարի պաշտօնակատար ինք միայն պետական մարզի դպրոցներուն համար չէ որ կ՛աշխատի, այլեւ` սեփական մարզի դպրոցներուն համար ալ` աւելցնելով, որ պետութիւնը ամէն գնով կ՛ուզէ պահպանել նաեւ սեփական դպրոցները:

Մաժզուպ նշեց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի գումարուին երկու նիստեր` ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ, որպէսզի ուսուցիչներուն իրաւունքներուն համար լուծումներ ապահովուին: Ան դիտել տուաւ նաեւ, որ խորհրդակցած է Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի հետ` գիրքերու վաճառքի ընդհանուր դասաւորման համար:

Միւս կողմէ, կաթողիկէ դպրոցներու ընդհանուր քարտուղար հայր Եուսեֆ Նասըր կոչ ուղղեց կրթական տարեշրջանը փրկելու շտապ ծրագիր մը մշակելու:

Ան նկատել տուաւ, որ այս նպատակով ուսուցիչներու սենտիքային հետ խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` յոյս յայտնելով, որ անոնք արդիւնաբեր պիտի ըլլան:

Նասըր ընդգծեց, որ առանց ուսուցիչի դպրոց չ՛ըլլար եւ առանց դպրոցի` ուսուցիչ, եւ աւելցուց, որ ուսուցիչը կրթական մարզին եւ ընտանիքին հիմնասիւնն է, որ ողջոյնի ու զօրակցութեան արժանի է:

Ան յոյս յայտնեց, որ 2021-2022 կրթական տարեշրջանը փրկելու լուրջ ջանքեր գոյութիւն ունենան:

Previous Post

China flexes sea power with new foreign ship law

Next Post

Նախագահ Աուն. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Զարգացում Արձանագրուած Է, Իսկ Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Ճշդուած Թուականին Պիտի Կայանան»

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.