Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին դրդապատճառները քողազերծելու նպատակով բացուած հետաքննութեան շրջագիծին մէջ, Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի նաւահանգիստի պայթումի հետաքննութեան պատասխանատու դատաւոր Թարեք Պիթար յայտնեց, որ պայթումի զոհերուն հարազատներուն հետ իր ունեցած հանդիպումին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերը անճիշդ են:
Ան ընդգծեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին գծով վերջնական վճիռ արձակելու յստակ ժամկէտ չկայ` աւելցնելով, որ ինք զոհերուն ընտանիքները տեղեակ չէ պահած իր ամբաստանելիք յանցագործներուն ինքնութեան մասին:
Պիթար ընդգծեց, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին հետաքննութիւնները ծայր աստիճան գաղտնի են` ընդգծելով, որ Արդարութեան գերագոյն խորհուրդի դատաւորը կանխաւ որոշումներ չի կայացներ, այլ` անոր որոշումները ուղղակիօրէն առնչուած կ՛ըլլան հետաքննութեան վերաբերող տեղեկութիւններուն եւ տուեալներուն: