28 նոյեմբեր 2019-ին տեղի ունեցաւ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին կազմակերպած ամէնամեայ թելեթոնը, որ սկսած էր Երեւանէն, ապա շարունակուեցաւ Լոս Անճելըսի մէջ: «Թելեթոն 2019»-ին նուիրաբերուեցաւ շուրջ 9.856.100 տոլար:
Այս տարուան թելեթոնը կը կրէր «Ես իմ անուշ Հայաստանի» խորագիրը, անիկա կը նպատակադրէր Հայաստանի Տաւուշ, Լոռի եւ Շիրակ մարզերուն եւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ իրագործել մաքուր ըմպելի ջուրի մատակարարում ու արեւային համակարգով ջեռուցումի եւ ելեկտրականութեան հայթայթում: