ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 3 Յունուարին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի միջեւ տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին, անդրադարձ կատարուեցաւ տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն: Ըստ Իրանի նախագահի պաշտօնական կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան՝ Իպրահիմ Ռայիսի կոչ ուղղեց՝ շարունակելու երկխօսութիւնը երկու երկիրներուն միջեւ, տարբեր մակարդակներու վրայ:
«Կովկասեան տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի զգայունութիւնը կը պահանջէ, որ շրջանի երկիրները պարբերաբար քննարկեն տարածաշրջանային եւ երկկողմ հարցերը: Իրանի քաղաքականութեան առանցքային ուղղութիւններէն մէկը երկիրներու տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան աջակցիլն է: Այս առումով, Թեհրան կ՛աջակցի Հայաստանի ինքնիշխանութեան՝ այդ երկիրէն անցնող բոլոր ճամբաներուն վերաբերող», ըսաւ Իրանի նախագահը:
Թեհրան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութեան յառաջընթացը: Իրանի նախագահը յոյս յայտնեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ հարցերը կը լուծուին խաղաղ ուղիով՝ միջազգային սկզբունքներու հիման վրայ: «Մենք կ՛աջակցինք հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման», հաստատեց Ռայիսի:
Լուսարձակի տակ առնուեցաւ նաեւ հայ-իրանեան յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման վերաբերող օրակարգային շարք մը հարցեր: Ընդգծուեցաւ տնտեսական կապերու ամրապնդման վերաբերող երկու երկիրներու կառավարութիւններու սերտ համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Զրուցակիցները համաձայնեցան շարունակել երկու երկիրներուն միջեւ բարձր մակարդակի յարաբերութիւնները: