Իրան պատրաստ է կայուն խաղաղութիւն հաստատելու հարցին մէջ օգնելու Ազրպէյճանին: Իրանի իսլամական Հանրապետութեան ԻՐՆԱ լրատու գործակալութեան հաղորդումով` այս մասին յայտարարած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ:
Ան ափսոսանք յայտնած է երեք հայ զինուորներու վիրաւորուելուն, ազրպէյճանցի զինուորի մը մահուան եւ փոխադարձ հրաձգութիւններուն վերաբերեալ:
Խաթիպզատէ կողմերուն զսպուածութեան կոչ ուղղած է` յայտարարելով երկու երկիրներուն միջեւ սահմանային վէճերու խաղաղ լուծման անհրաժեշտութեան մասին: Ան այս ծիրին մէջ յայտարարած է, որ Իրան պատրաստ է երկու երկիրներու հաշտեցման աջակցելու:
Յիշեցնենք, որ 23 յուլիսին Ազրպէյճանի զինեալ ուժերը կրակ բացած էին Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի Գեղարքունիքի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Ազրպէյճանական կողմի հերթական սադրանքին պատճառով փոխադարձ բուռն կրակոցներու ժամանակ վիրաւորուած էին երեք հայ զինուորները:
Նոյն օրը` շուրջ ժամը 23:00-ին, Երասխի տարածքին մէջ Ազրպէյճան անօդաչու թռչող սարքով Հայաստանի Հանրապետութեան տարածք մուտք գործելու փորձ կատարած էր: Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան, հայկական բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները կասեցուցած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանի հարաւարեւմտեան ուղղութեամբ անօդաչու թռչող սարքով Հայաստանի Հանրապետութեան օդային տարածք մուտք գործելու փորձը: