Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, մեկնաբանելով 29 նոյեմբերին Վիեննայի մէջ վերսկսելիք բանակցութիւնները, յայտնեց, որ այդ բանակցութիւններուն ընթացքին «կա՛մ ամէն բանի շուրջ համաձայնութիւն կը գոյանայ, կա՛մ ոչ մէկ բանի շուրջ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ աւելցուց, որ բանակցութիւններու նախկին փուլերուն ընթացքին այն ամէնը, որ ձեռք բերուած է, «նախագիծ էր»: Ան Միացեալ Նահանգներուն կոչ ուղղեց «փաստելու, որ երաշխիքներ ունին, թէ անգամ մը եւս համաձայնութիւնը պիտի չլքեն, եթէ զայն վերակենդանացնելու բանակցութիւնները յաջողին»:
Ան ըսաւ, որ նախկին փուլերը հարցերը «շարք մը նիւթերու մէջ անելի» հասցուցած են «Ամերիկայի յամառութեան, Թրամփի քաղաքականութիւնը շարունակելու եւ պատժամիջոցներուն մէկ մասը պահելու վրայ պնդելուն պատճառով»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը յայտնեց, որ Ուաշինկթըն «Թրամփի ոչ օրինական ու ամօթալի ժառանգութեան վերջ տալու քաղաքական որոշումի կարիքը ունի»` աւելցնելով. «Պէտք է Ուաշինկթընին առիթ մը եւս ընծայենք վերադառնալու միջազգային համաձայնութիւններուն»:
Խաթիպզատէ ընդգծեց, որ Իրան «ոչ ոքի հետ պիտի բանակցի շրջանային հարցերու շուրջ»:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը անդրադարձաւ համացանցային յարձակումներուն` նշելով. «Պետութիւններ եւ վարչակարգեր համացանցը կ՛օգտագործեն յարձակումներ շղթայազերծելու համար, սակայն ցաւցնող պատասխաններ ստացան»:
Մեկնաբանելով Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յառաջացած տագնապը` Խաթիպզատէ յայտնեց, որ «պաշարումը ապարդիւն է», եւ կոչ ուղղեց «տարակարծութիւնները դիւանագիտութեան միջոցով լուծելու»: