Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ազդու միջամտութեամբ կանգ առաւ Թեսաղոնիկէ քաղաքի հանրակառքերուն վրայ երեւցած ատրպէյճանական գովազդային արշաւը, որ ցոյց կու տար Ատրպէյճանի զինուած ուժերուն կողմէ բռնագրաւուած Շուշի քաղաքի պատմական բերդը եւ անոր պարիսպներուն վրայ երեւցող Շուշիի անուան ատրպէյճանական տարբերակը, իսկ յունարէնով գրուած էր «Շուշա, Ատրպէյճան» գրութիւնը:
Հանրակառքը նկարուած էր Թեսաղոնիկէի ճամբաներուն վրայ եւ անոր նկարը լայն տարածում գտած էր ընկերային ցանցերու օգտատէրերուն կողմէ, որոնք բուռն կերպով դատապարտեցին ատրպէյճանական փորձերը՝ ներկայացնելու հայկական Շուշին իբրեւ ատրպէյճանական քաղաք: Նշենք, որ զանազան լրագրողներ եւս իրենց էջերուն վրայ բողոքի արտայայտութիւններով պահանջեցին ծրագիրի կասեցումը:Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները արագ հակազդելով՝ կապի մէջ մտան Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրամիջոցներու սպասարկութեան տնօրէնին հետ, որ խոստացաւ անմիջապէս դադրեցնել մնացեալ հանրակառքերու նոյն գովազդով երեւումը եւ ամբողջութեամբ չեղարկել ծրագիրը: Տնօրէնը յայտնեց, թէ գովազդային աշխատանքը յանձնուած էր մասնագիտացած ընկերութեան մը, իսկ պետական սպասարկութեան պատասխանատուները տեղեակ չէին անոր պարունակութենէն: Յիշեցնենք, որ շաբաթներ առաջ, ատրպէյճանական նմանօրինակ գովազդային ծրագիր մը երեւցաւ Լոնտոնի մէջ եւ կանգ առաւ շնորհիւ Լոնտոնի Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն:
Նշենք, որ Յունաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը եւս կարճ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ ատրպէյճանական քարոզչական սադրանքին մասին եւ յայտնեց, թէ յունահայ համայնքային կառոյցներուն հետ միասին ամէն միջոց կը գործադրուի, որպէսզի այդ սադրանքը չէզոքացուի եւ ապագային չկրկնուի:
ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԱՏ ՕՐ»Ի
Ամօթալի Եւ Տատապարտելի Արարք
Նկարը ինքնին խօսուն է:
Յունաստանի երկրորդ մեծ քաղաքին՝ Թեսաղոնիկէի մէջ շրջագայող հանրակառքերուն վրայ կը ցուցադրուի Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած հայկական Շուշիի պատմական բերդի պարիսպն ու անոր դարպասը, որոնց վրայէն ատրպէյճանցիները հեռացուցած են հայկական «Շուշի» անունը եւ զայն փոխարինած են ատրպէյճանական տարբերակով: Առաւել, նկարին վրայ գրուած է, թէ Շուշին ատրպէյճանական է, իսկ վերի մասը կ՛երեւին Յունաստանի եւ Ատրպէյճանի դրօշակները:
Նկարը երեւցաւ ընկերային ցանցերու վրայ 23 Նոյեմբերին եւ անմիջապէս զայրոյթի ու բողոքի ալիքներ բարձրացուց ո՛չ միայն բոլոր յունահայերուն, այլեւ շատ մեծ թիւով յոյն քաղաքացիներու մօտ, նոյնիսկ լրագրողներու մօտ, որոնք բուռն կերպով դատապարտեցին Թեսաղոնիկէի պետական փոխադրական միջոցներու սպասարկութեան գովազդային ծրագիրը, որ ծայր առած էր քաղաքին մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան միտումնաւոր ջանքերով ու նիւթական նեդրումով, եւ պահանջեցին անոր չեղարկումը:
Ինչպէս արդէն կողքի լուրին մէջ կը յայտնենք, անմիջական եւ ազդու եղաւ Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի աշխատանքը վար առնելու գովազդները, որուն շուտով արձագանգեցին պետական պատասխանատուները եւ խոստացան ատրպէյճանական գովազդային արշաւի չեղարկումը:
Ծանօթ է, թէ վերջին ամիսներուն, Ատրպէյճանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները զանազան երկիրներու մէջ, յատուկ ուղղութիւններու հետեւելով, կը փորձեն մեծ քաղաքներու փոխադրամիջոցներուն վրայ գովազդել Շուշին եւ Արցախի այլ քաղաքները որպէս ատրպէյճանական ու թրքական քաղաքակրթութեան օճախներ: Տակաւին թարմ են պատկերները Լոնտոնի մէջ երեւցած նմանօրինակ գովազդներէն, որոնք վար առնուեցան շնորհիւ Անգլիոյ Հայ Դատի յանձնախումբի ջանքերուն:
Երէկ երեկոյեան, յունահայ գաղութը, ժողովուրդով եւ կառոյցներով, իր ընդվզումն ու բողոքը արտայայտեց այս արարքին ուղղութեամբ: Քանի մը ժամ յետոյ մեր հակազդեցութիւնը տեղ հասաւ եւ ստիպեցուցիչ արդիւնք բերաւ:
Դժբախտաբար, Թեսաղոնիկէի հանրային փոխադրութեան սպասարկութեան պատասխանատուները ընդունած էին ատրպէյճանական «նուէրները» առանց դոյզն իսկ պատմական ճշմարտութեան որոնումին, տեղ տալով ատրպէյճանական գրգռիչ նախաձեռնութիւններուն, որոնք նպատակ չունէին Ատրպէյճանի զբօսաշրջական գովազդը կատարել, այլ նենգաբար միտում ունէին մրոտել ու վարկաբեկել հայութեան պատիւը, ոտնակոխ ընել անոր զգացումներն ու ա՛լ աւելի խորացնել հայկական Արցախին վրայ սանձազերծուած թուրք-ատրպէյճանական գրաւումին հետեւանքով ապրած ողբերգութիւնը:
Մեր յիշողութեան մէջ տակաւին թարմ է նաեւ յոյն դեսպան Նիքոլաոս Փիփերիկոսի այցելութիւնը գրաւուած Շուշի, ընկերակցելով աւելի քան յիսուն դիւանագէտներու, որմէ ետք իր քաղաքական պատասխանատուները փորձեցին ամէն գնով պատճառաբանել դեսպանին անընդունելի այցելութիւնը թուրք-ազերիական գրաւումին տակ գտնուող Արցախի պատմական հողերուն վրայ:
Թեսաղոնիկէի հանրակառքերու գովազդային արարքի եւ նախապէս յոյն դեսպանի դիւանագիտական սայթաքումի պատճառած դառնութիւնը մտածել կու տան այն ցնցիչ զգացումները, որոնք պատած էին յոյն տարրը ամբողջ աշխարհի վրայ, երբ Թուրքիոյ նախագահը որպէս մզկիթ հռչակեց Կոստանդնուպոլսոյ Այիա Սոֆիայի տաճարը, կամ փորձեց վերաբանալ Կիպրոսի Ֆամակուսթա գրաւեալ ու ամայացած քաղաքը:
Կը սպասենք, որ յոյն պետական սպասարկողները աւելի մեծ ուշադրութիւն ցոյց տան պատմականօրէն իրենց բարեկամ հայ ժողովուրդի հիմնախնդիրներուն նկատմամբ եւ թոյլ չտան ատրպէյճանական սադրանքներու կրկնումին:
Վերջ ի վերջոյ, նոյն թրքական յարձակողապաշտ քաղաքականութիւնն է, որ կը սպառնայ Յունաստանի վրայ՝ Էգէականի մէջ ու Թրակիոյ հանդէպ կատարուած ռազմատենչ գրգռութիւններով:
Տակաւին երկու օր առաջ թուրք պաշտօնատարի անընդունելի յայտարարութիւնները՝ թէ «թրքական բանակը 5 ժամէն պիտի գրաւէ Թեսաղոնիկէն ու Աթէնքը» ուրիշ բան չէին, եթէ ոչ նոր օսմանեան տարածաշրջանային եւ միջազգային երազներու կրկնումը, որոնց իրականացման մէկ բաժինը դառն կերպով ճաշակեց արցախահայութիւնը անցեալ տարի, իսկ այսօր թրքական ծաւալապաշտութեան ճիրանները կը սպառնան Հայաստանի պետականութեան գոյութեան վրայ:
Յոյն ժողովուրդի աչքին «անմեղ» երեւցող ատրպէյճանական գովազդներու ներկայութիւնը դատապարտելի է ըստ ամենայնի:
Պէտք չէ թողուլ, որ թրքական ծաւալապաշտութեան ալիքները, նոյնիսկ եթէ անոնք թաքնուած են ատրպէյճանական ուժանիւթային միջպետական ծրագիրներուն մէջ, ողողեն յունական աշխարհը:
Յունահայութիւնը եւս պիտի շարունակէ արդուն պահակը ըլլալ Հայ դատին ու Արցախի արդար հիմնահարցին: Ամէն գնով: