Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

«Թեւանիկ»ը Շահեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Մրցանակը

July 23, 2014
in Մշակութային
0
«Թեւանիկ»ը Շահեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» Մրցանակը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանեան «Ոսկէ Ծիրան» 11րդ միջազգային շարժապատկերի փառատօնի կազմակերպիչները գոհ են արդիւնքներէն: Սերգէյ Փարաջանովի 90ամեայ յոբելեանին նուիրուած փառատօնը եզրափակուեցաւ 19 Յուլիսին Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ՝ հանդիսաւոր արարողութեամբ:
«Ոսկէ Ծիրան»ի գլխաւոր մրցանակը այս տարի բաժին ինկաւ Միրոսլաւ Սլապոշփիթսքիի «Ցեղը» ժապաւէնին, որ նկատուեցաւ լաւագոյն խաղարկային ժապաւէնը: Վաւերագրական ժապաւէններուն կարգին յաղթող նկատուեցաւ Ճիովանի Տոնֆրանչեսքոյի «Քարէ Գետը»: «Հայկական Համայնապատկեր» ծրագիրով լաւագոյն կարճատեւ ժապաւէնին համար մրցանակ ստացաւ Վահրամ Մխիթարեանի «Կաթնեղբայր»ը, իսկ խաղարկային ժապաւէնի «Ոսկէ Ծիրան»ին արժանացաւ æիւան Աւետիսեանի «Թեւանիկ» ժապաւէնը: «Կորիզ» կարճատեւ ժապաւէններուն մէջ լաւագոյնը նկատուեցաւ Օմար Ռոպերթ Համիլթընի «Թէեւ Գիտեմ, Որ Գետը Չոր Է» գործը: Էքումենիկ ժապաւէններու դատական կազմը մրցանակ յանձնեց Լուսինէ Սարգսեանի «Շքամուտք»ին: FIPRESCI-ի մրցանակը ստացաւ Միրոսլաւ Սլապոշփիթսքիի «Ցեղը» ժապաւէն։
Կարգ մը ժապաւէններու տրուեցան նաեւ յատուկ մրցանակներ եւ պատուոյ գիրեր: Յաղթողները արժանացան նաեւ դրամական պարգեւներու։ Մրցանակներ յանձնուեցան նաեւ փառատօնի հիւրերուն եւ աջակիցներուն: Փառատօնը «Փարաջանովեան Թալեր» յատուկ մրցանակի արժանացուց փառատօնի այս տարուան պատուաւոր երկու հիւրերը՝ աշխարհահռչակ չինացի բեմադրիչ Ցզեա Չժանկէին եւ միջազգային փառատօներու ոլորտին մէջ մեծ վաստակ ունեցող անուանի ֆիլմի մասնագէտ Մարխօ Միւլլերին: Փառատօնի տնօրէնութիւնը Փարաջանովեան յատուկ յուշամետալ շնորհեց Հայաստանի մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեանին: Արարողութեան աւարտին Յարութիւն Խաչատրեան Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին շնորհեց «Մանթաշեանց ասպետ» ոսկի շքանշանը:
«Ոսկէ Ծիրան» փառատօնի հիմնադիր-տնօրէն Յարութիւն Խաչատրեան 20 Յուլիսին տուած եզրափակիչ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց լրագրողներուն, հանդիսատեսին եւ դատական կազմի անդամներուն, որոնք լուրջ մօտեցում ցուցաբերեցին իրենց առաքելութեան նկատմամբ: «Ես հասկացայ, որ փառատօնը մի էներգետիկ միջուկ ունի, որի շուրջ հաւաքում է բոլոր մարդկանց, ովքեր սիրում են արուեստը: Մեր ժիւրին շատ բարձր մակարդակ ունէր, եւ մեր հանդիսատեսը բաւականին ֆիլմեր նայեց: Հայաստանի համար նման փառատօն կազմակերպելը հերոսութիւն է», ըսաւ Յարութիւն Խաչատրեան:
Վաւերագրական ժապաւէններու մրցումի դատական կազմի անդամ Վիքթորիա Պելոփոլսքայան ընդգծեց, որ շատ հաճելի էր իր տարած աշխատանքը՝ յայտնելով, որ շատ լաւ եւ իրարու հետ մրցող բազմաթիւ ժապաւէններ կային։
«Հայկական համայնապատկեր» ծրագիրի դատական կազմի անդամ Մարիա Սահակեանի կարծիքով՝ հայկական շարժապատկերը վերջին քանի մը տարուան ընթացքին մեծ յառաջընթաց արձանագրեց: «Ի հարկէ, սա «Ոսկէ Ծիրան»ի շնորհիւ էր, որովհետեւ փառատօնի ստեղծած մթնոլորտն է նպաստում դրան: Եթէ «Հայկական Համայնապատկեր» ծրագրում նախորդ տարիներին շատ դժուար էր ֆիլմ ընտրել, որ արժանի լինի մրցանակի, ապա այս տարի տեսնում ենք, որ ֆիլմերն արժանի են ստանալ մրցանակ», յայտնեց Մարիա Սահակեան:

Previous Post

Ֆրանսա-Հայաստան-Իրան՝ Մետաքսի Նոր Ճամբայ

Next Post

Զաւէն Խանճեան՝ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան Գործադիր Վարիչ

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.