Յովհ. Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնը մասնակցած է ԱՄՆ-ի Ֆլորիտա նահանգի Վենիս քաղաքին մէջ կայացած «Ուըրլտ Ֆէստ-2014» միջազգային թատերական փառատօնին:
Թումանեանի անուան պետական տիկնիկային թատրոնը ներկայացած է Գաբրիէլ Կարսիա Մարկեսի «Թեւաւորը» ներկայացումով, որմով եւ բացուած է փառատօնը:
«Թեւաւորը» ներկայացումը թատերագէտներու կողմէ ընդգրկուած է փառատօնի երեք լաւագոյն ներկայացումներու շարքին եւ յաղթող ճանչցուած «Լաւագոյն ներկայացում», «Լաւագոյն ձայնային լուծում», «Լաւագոյն վիզուալ էֆեկտներու լուծում» անուանակարգերուն մէջ: Փառատօնի ծիրէն ներս իրականացուած են նաեւ վարպետութեան դասեր եւ գործնական պարապմունքներ:
Փառատօնին կը մասնակցէին թատրոններ Գերմանիայէն, Իտալիայէն, Լատվիայէն, Պանկլատեշէն, Արժանթինէն, Քանատայէն, Թոգիոյէն, Հարաւաֆրիկեան հանրապետութենէն, Չինաստանէն, Դանիայէն, Նոր Զելանդիայէն, Աւստրալիայէն եւ այլ երկիրներէ: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան պաշտօնական կայքէն: