ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Պաշտօնական Երեւանը կը փորձէ պարզաբանումներ ստանալ, թէ սահմանազատման եւ սահմանագծման հարցով Հայաստանի առաջարկներէն յատկապէս ո՛րն է անընդունելի Պաքուի համար: 28 Յունուարին Եռաբլուրի մէջ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտնեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան:
«Ի՞նչ պահով են անընդունելի իրենց համար, հաւանաբար նկատի ունէք. մենք յստակեցումները դեռ չունենք, ճշգրտման փուլում են այդ յստակեցումները: Քննարկում անընդհատ կայ, քննարկումը շարունակւում է, եւ ձեր հնչեցուած հարցում, ըստ էութեան, պատասխանը կայ, հիմա մենք փորձում ենք պարզաբանումներ ստանալ, թէ յատկապէս որ մասն է անընդունելի, ինչ հիմնաւորմամբ, եւ ըստ այդմ ինչպիսի նոր լուծումներ կարող են լինել», ըսաւ նախարարը:
Հայկական կողմին առաջարկներուն մասին 14 Յունուարին տեղեկացուց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարը՝ յայտնելով, թէ Հայաստան նոր առաջարկներ ներկայացուց Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման յանձնաժողով կազմելու հարցով, եւ ռուսական կողմի միջոցով փոխանցուեցաւ Պաքուի: Աւելի ուշ, Ազգային ժողովին մէջ Միրզոյեան յայտարարեց, որ առաջարկները կը բխին զօրքերու քաշուելուն եւ յաւելեալ ապահովութեան գործիքակազմերու ստեղծման հայեցակարգէն:
Ասոր յաջորդեց Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի յայտարարութիւնը, թէ Երեւանի «նախապայմանները» Պաքուի համար անընդունելի են: Երեւանէն արձագանգեցին, թէ անոնք նախապայմաններ չեն, Հայաստան կը խօսի պայմանաւորուածութիւններու իրագործման մասին:
Ստեղծուած իրավիճակը Հայաստանի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը փակուղային չի նկատեր, սակայն բազմաթիւ հարցումներու պատասխան չի կրնար տալ։