Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին անդրադարձաւ այն միջոցներուն եւ գործադրուած քայլերուն, որոնք կ՛որդեգրուին Պուրճ Համուտի մէջ «Քորոնա» ժահրին եւ անոր հետեւանքներուն դէմ պայքարելու:
Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ կառավարութեան յայտարարած ընդհանուր զօրաշարժին շրջագիծին մէջ, կարելի է ըսել, որ քաղաքապետութեան աշխատանքը կեդրոնացաւ «Քորոնա» ժահրի մասին նախազգուշական արշաւներ կազմակերպելու, շրջանը հականեխելու եւ ընկերային հեռացումը գործադրելու:
Ան հաստատեց, որ սկզբնական շրջանին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանին մէջ կեդրոնացան աշխատանքները, յատկապէս առողջապահական, հանրօգուտ շինութեանց, ոստիկանութեան եւ պահակներուն բաժանմունքներուն պարագային, նաեւ`քաղաքապետարանի կառոյցն եւ անոր պաշտօնէութիւնը «Քորոնա»-ի վարակէն զերծ կացուցելու նպատակով:
«Երկրորդ փուլին, քաղաքապետարանը սկսաւ հականեխումի արշաւի մը` նկատի ունենալով Պուրճ Համուտի մէջ գտնուող բոլոր աղօթավայրերը, կեդրոններն ու միութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն կեդրոնները, պետական հաստատութիւններն ու փողոցները: Այս աշխատանքին զուգահեռ կատարեցինք նաեւ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու մասին նախազգուշական արշաւներ` ցրուելով թռուցիկներ, ինչպէս նաեւ Պուրճ Համուտի բոլոր փողոցներուն մէջ կատարելով յայտարարութիւններ, որոնց ընդմէջէն յորդորեցինք բոլորը` մնալու իրենց բնակարաններուն մէջ եւ յանձնառու ըլլալու ընդհանուր զօրաշարժին», ըսաւ ան:
Մ. Պօղոսեան հաստատեց, որ բնակարանային մեկուսացման մէջ մնալու, չհամախմբուելու եւ բացառութիւն չնկատուող հաստատութիւնները փակ պահելու առումով Պուրճ Համուտի մէջ մեծ ընդառաջում արձանագրուեցաւ: «Շրջանին բնակիչները գործակցեցան եւ ընդառաջեցին` իրենց գիտակցութեան շնորհիւ: Արձանագրուած խախտումները փորձեցինք ուղղել յաւելեալ ցուցմունքներ տալով, նախազգուշութեանց արշաւը աւելցնելով եւ ընդհանուր զօրաշարժի գործադրութիւնը խստացնելով: Պուրճ Համուտի մէջ հականեխումի աշխատանքը ընթացքի մէջ է, իսկ ապրուստի հարցերը կը մնան մեծագոյն մարտահրաւէրը, որ պիտի ծագի` ընդհանուր զօրաշարժին իբրեւ հետեւանք», շեշտեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետը:
Մ. Պօղոսեան ընդգծեց, որ քաղաքապետարանը կ՛աշխատի ժողովուրդին օժանդակութեան ծրագիրներ մշակելու ուղղութեամբ` աւելցնելով սակայն, որ ինք չի փափաքիր թիւեր ճշդել եւ թուականներ յայտարարել, որովհետեւ այդ ծրագիրը տակաւին կ՛ուսումնասիրուի, եւ գործադրութեան պարագային պիտի ըլլայ քաղաքապետարանին համեստ կարողութիւններուն շրջագիծին մէջ: Ան յոյս յայտնեց, որ պետական կեդրոնական հաստատութիւնները քաղաքապետարաններուն վերաբերող գումարները փոխանցեն անոնց, որպէսզի կարելիութիւն ստեղծուի ընդառաջելու շրջանի կարիքներուն: «Հոս պէտք է շեշտել նաեւ, որ ընդհանուր ծախսերը կատարելը իր կարգին ունի կարգ ու կանոն, ինչպէս նաեւ համաձայնութիւններ եւ վաւերացումներ»:
Մ. Պօղոսեան շեշտեց, որ հայրենիքն ու ժողովուրդը բաց պայքարի մէջ են, իսկ այս շրջանին բոլորէն աւելի ներգրաւուած են առողջապահութեան եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնները: «Ճիշդ է, որ առողջապահութեան նախարարութիւնն ու անոր կապուած մարզը առաջին գիծի վրայ կը պայքարի այսօր, սակայն ընդհանուր զօրաշարժի այս պայմաններուն մէջ, պէտք է իմանալ, որ ապրուստի դժուարութիւններ դիմագրաւող լիբանանցիները մօտեցած են աղքատութեան սեմին: Ժամանակն է, որ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը զօրաշարժի ենթարկուի եւ, առողջապահութեան նախարարութեան նման, իր ամբողջ կարողութիւններով կազմ ու պատրաստ ըլլայ, ինչպէս նաեւ շրջաններուն մէջ իր բոլոր կեդրոնները աշխուժացնէ` հասնելու համար ժողովուրդին: «Քորոնա»-ի ճգնաժամին ընթացքին լիբանանցիներուն ապրուստի դժուարութիւնները այդ համաճարակին վտանգին համազօր դարձած են», հաստատեց Մ. Պօղոսեան:
Անդրադառնալով Լիբանանի կառավարութեան կողմէ լիբանանցիներուն օժանդակելու իմաստով տրուած որոշումներուն` Մ. Պօղոսեան նշեց, որ ինք այս գծով ունի կարգ մը դիտողութիւններ: «Ընդհանուր զօրաշարժ յայտարարելու, կրակմարի դրութիւն հաստատելու, ինչպէս նաեւ շրջագայելու իրաւունքը սահմանափակելու որոշումներուն առընթեր, պէտք է ընկերային տագնապը նոյնքան կարեւոր նկատել: Այս առումով, պէտք է վերջ տալ խոստումներուն: Լիբանանցիներուն կէսէն աւելին աղքատութեան սեմին կը գտնուին, 5-6 անդամներէ բաղկացող ընտանիքները «բանտարկուած» են քանի մը տասնեակ մեթրի մէջ, աշխատանք չկայ, եկամուտ չկայ, կարողութիւններ չկան: Այս ընտանիքները հոգեբանական կամ կենցաղային այնպիսի վիճակի մէջ են, որ անոնք ի վիճակի չեն երբեք աղօտ եւ անյստակ խոստումներ լսելու: Թող պատասխանատուները խօսին ծրագիրներու եւ ոչ թէ խոստումներու մասին, երբ անոնց ծրագրաւորումը աւարտեն: Թող մշակուած ծրագիրներուն յստակ ու թափանցիկ գործադրութեան մասին, որդեգրուելիք ձեւին ու թուականին մասին պաշտօնապէս յայտարարուի:
«Օժանդակութիւնները բաժնելու պարագային պէտք է զգուշ ըլլալ եւ վերջ տալ ժողովուրդը վարկաբեկելու մեթոտներուն: Եթէ երկրին մէջ տիրող տնտեսական ու ելեւմտական տագնապները, եւ ապա «Քորոնա»-ի ստեղծած ճգնաժամը պատճառ դարձած են, որ մարդիկ իրենց կենցաղային պայմանները կորսնցնեն եւ օժանդակութեան կարիք ունենան, ապա այս իրականութիւնը չի նշանակեր, որ անոնք մուրացկաններ են: Օժանդակութիւններ բաշխելու ծրագիրներն ու ձեւերը պէտք է սերտուած ըլլան եւ քաղաքացիին իր իրաւունքը շնորհելու կարեւորութեամբ առաջնորդուին», ընդգծեց ան:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ժողովուրդին բժշկական օժանդակութիւն կը մատուցեն: «Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր բժիշկներուն, հիւանդապահներուն, հիւանդանոցներու անձնակազմներուն եւ Կարմիր Խաչին: Այս պայմաններուն մէջ կը փափաքիմ բոլորին յիշեցնել, թէ այսօր շնորհակալ ենք իւրաքանչիւր համեստ աշխատաւորի, որուն ջանքերով կը յաջողին շարք մը նախաձեռնութիւններ, իւրաքանչիւր զինուորի, ոստիկանի, տնտեսի, փռապանի, սննդամթերքի վաճառատան աշխատաւորի, դեղագործի, դրամատուներու եւ այլ հաստատութիւններու պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ լրագրողներուն, որոնք ժողովուրդին կացութեան մասին տեղեակ կը պահեն եւ նախազգուշական հսկայ արշաւ կ՛իրականացնեն: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ իւրաքանչիւր աշխատաւորի, որ այս պայմաններուն մէջ իր գործը նուիրումով կը կատարէ, որովհետեւ անոնք իրենց ճիգերով է, որ կը պահպանեն մարդ անհատին եւ ընկերութեան նուազագոյն կարիքները. անոնք արժանի են գնահատանքի», եզրափակեց Մ. Պօղոսեան: