Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ համադաշնակցութիւնը որոշած է 2, 3 եւ 4 փետրուարին կատարել ընդհանուր գործադուլ մը` Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ, եւ փակել բոլոր ճամբաները:
Թլայս նշեց, որ ընդհանուր գործադուլը պիտի սկսի չորեքշաբթի, 2 փետրուարին, առաւօտեան ժամը 5:00-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
Թլայս իր խօսքը ուղղեց հանրապետութեան նախագահին, վարչապետին ու խնդրոյ առարկայ նախարարներուն եւ ըսաւ. «Երկիրը բոլոր լիբանանցիներուն կը պատկանի: Անօթութիւնը հասած է բոլորին, իսկ ցամաքային փոխադրութեան մարզը կը միացնէ բոլոր լիբանանցիները, եւ եթէ ան փողոց իջնէ, ապա պիտի անդամալուծէ երկիրը: Կը մաղթենք, որ կառավարութիւնը նկատի կ՛ունենայ իր խոստումը եւ գործադրէ զայն»:
Թլայս յայտնեց, որ ընդհանուր գործադուլին ընթացքին բացառութիւն պիտի նկատուին միայն մարդասիրական պարագաները, ինչպէս` հիւանդները, որոնք բժիշկի պիտի հասնին, փուռերուն հասնելիք ցորենին ու ալիւրին փոխադրութիւնը, ինչպէս նաեւ բժշկական սարքերու փոխադրութիւնը:
Թլայս կոչ ուղղեց Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան բոլոր անդամներուն գործակցելու ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին հետ` կազմակերպուած ձեւով կատարելու այս գործադուլը եւ լաւ վերաբերմունք ցուցաբերելու քաղաքացիներուն նկատմամբ:
Թլայս կոչ ուղղեց ապահովութեան ուժերուն եւ բանակին` պաշտպանելու ցուցարարները:
Թլայս հաստատեց, որ 2, 3 եւ 4 փետրուարի գործադուլը պիտի սկսի առաւօտեան ժամը 5:00-ին եւ պիտի տեւէ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 3:00:
Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութիւնը ինքնաշարժներով, փոխադրակառքերով եւ սիթեռններով պիտի փակէ ամբողջ Լիբանանը հետեւեալ կերպով.
Մեծն Պէյրութ
Տորայի կամուրջ (Կամուրջին վրայ եւ անոր տակը` բոլոր ուղղութիւններով), ծովային ճամբան, Կալըրի Սըմաանի խաչմերուկ, Մար Մըխայէլ եկեղեցւոյ խաչմերուկ, Մշարրաֆիէի խաչմերուկ, Քաֆաաթի հրապարակ, Խալտէի հրապարակ, Պշամուն-Արամուն խաչմերուկ, Հազմիէի հրապարակ, Ռեժի-Հատաս խաչմերուկ, Հատաս-Քաֆաաթ խաչմերուկ, Օդակայանի հին ճամբայ-Քոքոտի հրապարակ, Մարզական աւան, Պէյրութի նաւահանգիստ, Պարպիրի կամուրջ, Պարպիրի փապուղի, Պշարա Խուրի խաչմերուկ, Պշարա Խուրի փապուղի, Մազրաա-Քոլա խաչմերուկ, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի հրապարակ, Տըքուենէի հրապարակ, Մքալլեսի հրապարակ, Անթիլիաս-Ֆաուար խաչմերուկ, Նահըր Մոթի հրապարակ, Ուզահի-Ժնահ-Ռիատ Սոլհ հրապարակներ:
Լեռնալիբանան
Նահըր Իպրահիմ (արեւելեան մայրուղի), Ամշիթ (արեւելեան մայրուղի), Ալէյի հրապարակ, Պհամտունի հրապարակ, Պաաքլինի հրապարակ, Տամուր-Պէյթէտտին, Տըպպայէ-Զուք մայրուղի, Եսուհ Մալաք խաչմերուկ:
Հարաւային Լիբանան–Նապաթիէ
Սայտայի արեւելեան մուտք, Աուալի կամուրջ (երկու ուղղութեամբ), Քֆար Ռըմմանի հրապարակ (Նապաթիէ), Պասսի հրապարակ (Սուր), Զահրանիի կամուրջ, Սաֆ Հաուա-Պընթ Ժպէյլ հրապարակ, Մերժահիունի հրապարակ, Սայտայի նաւահանգիստ եւ Սուրի նաւահանգիստ:
Պեքաա
Տահըր Պայտար-Ֆալուղայի խաչմերուկ, Թարշիշ-Թուիթի խաչմերուկ, Համրա փլազա հրապարակ, Ռաշայա – Տահըր Ահմար հրապարակ, Քըպ Էլիաս խաչմերուկ:
Պաալպեք–Հերմել
Հարաւային Պաալպեք – Տուրեսի մուտք, հարաւային Հերմել-Ասի կամուրջի մուտք, Լապուէի խաչմերուկ եւ Արսալի մայր ճամբայ:
Հիւսիսային Լիբանան–Աքքար
Թրիփոլիի հարաւային մուտք- Փալմա (երկու ուղղութեամբ), Տըննիէ – Քֆարհըպպօ, Շեքքայի փապուղի (երկու ուղղութեամբ), Հըրիի ծովային ճամբայ, Ապտէի հրապարակ, Պաթրունի կամուրջ, Ամիունի հրապարակ, Թրիփոլի Թալ-Ապտել Նասեր հրապարակ, Տէյր Աամար-Մընիէ միջազգային ճամբայ եւ Թրիփոլիի նաւահանգիստ: