ԴՈԿՏ. ՄԻՆԱՍ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Վերջին քանի մը ամիսներուն առիթը ունեցանք «ներկայ գտնուելու» Թէքէեան Մշակութային միութեան Մեծագոյն Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի բացառապէս երիտասարդներէ բաղկացած վարչութեան ձեռնարկներուն: Մասնակցեցանք շնորհիւ առցանց ծրագիրներու, որոնք հնարաւորութիւն ընձեռեցին մեզի հետեւելու երեք կարեւոր դասախօսութիւններու եւ քննարկումներու:
«Բռնագրաւում եւ կործանում. երիտթուրքերու զաւթումը հայկական անշարժ գոյքերուն» խորագրուած առաջին փորձին «գլխաւոր հերոսն էր» USC համալսարանի «Շօա» հիմնարկի գծով հետազօտող պատմաբան Մեհմետ Փոլաթել: Երիտթուրքերու կառավարութիւնը ազգայնացուց կամ պետականացուց եւ կարեւոր մէկ մասն ալ յանձնեց թուրքերու, որպէսզի առօք-փառօք ապրին, տիրանան եւ շահագործեն այդ հսկայական, այսօրուան արժէքով շուրջ երկու եռիլիոն տոլարի արժողութեամբ շարժական կամ անշարժ գոյքերը, կալուածները, տուները, եկեղեցիները, դպրոցները եւ շքեղ բնակարանները:
Փոլաթել ներկայացուց թուրք պետութեան որդեգրած օրէնքը եւ անոր գործադրութեան կերպերը նաեւ անոր հակամարդկային յատկանիշները: Խօսեցաւ այդ կալուածներու տէրերուն իրաւունքներուն եւ Թուրքիոյ կողմէ միջազգային հանրութեան առջեւ պատասխանատու գտնուելու իրականութեան մասին: Դասախօսին ելոյթը հաւասարակշռուած էր, առանց կիրքի եւ առանց աւելորդ պակաս որակաւորումներու՝ իսկական ակադեմական ներկայացում մը: Ողջունելի էր երիտասարդ պատմաբանին դրական կեցուածքը որպէս պատմաբան եւ որպէս մարդ արարած, որ կը հասկնայ ու կ՛ըմբռնէ հայուն եւ միւս փոքրամասնութիւններու անլուր ցաւերուն էութիւնը:
Փոլաթել հաճելի անակնկալով մը սկսաւ` լսարանին դիմելով վերջերս սորված արեւմտահայերէնով: Այստեղ ողջունելի է թէքէեանական եւ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի ուսուցչուհի Սեւան Տէր Պետրոսեանի ջանքը, որ յաջողած էր արեւմտահայերէն սորվեցնել Մեհմետին:
Երկրորդ առցանց «լսարանի» նիւթն էր հայ բարբառները: Հին ազգերը ունին տասնեակէ աւելի բարբառներ, ինչպէս հնդիկները, արաբական աշխարհի ժողովուրդները, գերմանախօս ազգերը եւ անշուշտ նաեւ հայերը: Ըստ մեծ հայագէտ Հրաչեա Աճառեանի, հայերը կը հաղորդակցէին աւելի քան 60 բարբառներով եւ ենթաբարբառներով, որոնք կը պարունակեն բազմաթիւ արժէքաւոր տեղեկութիւններ մեր պատմութեան, մշակոյթի, աւանդութիւններու, հոգեբանութեան, լեզուամտածողութեան, կենցաղի եւ այլ բնագաւառներու մասին:
«Ներածութիւն արդի հայերէնի բարբառներու» նիւթին շուրջ շահեկան դասախօսութեամբ մը հանդէս եկաւ վերլուծաբան, Քէյմպրիճ Քոլէճի Ժամանակակից եւ Միջնադարեան լեզուներու վերլուծաբան՝ դոկտ. Պըրթ Վոքս: Ան ներկայացուց կարգ մը բարբառներու առանձնայատկութիւնները, նմանութիւնները, եւ զուգահեռներ անցուց անոնց միջեւ՝ ցոյց տալով անոնց առնչութիւնները դասական հայերէնի հետ: Դոկտ. Վոքս խորապէս ուսումնասիրած է մեր բարբառներու էութիւնն ու հնչիւնաբանութիւնը: Ներկայացման հետաքրքրական ոճ մը ունէր դոկտ. Վոքս, որով կրցաւ յաջողիլ հեռավար ձեռնարկին հետեւողները ներգրաւել եւ մասնակից դարձնել։
«Արեւմտահայերէնը եւ սփիւռքահայ նոր սերունդը» վերնագրով ձեռնարկը նուիրուած էր արեւմտահայերէնի ուսուցման նոր առաջարկներուն՝ յատկապէս առցանց միջոցներու հնարաւորութիւններուն:
Արեւմտահայերէնը առարկայական եւ ենթակայական պատճառներով զգալի նահանջ ապրեցաւ 1980-ականներէն ասդին: Զանազան հիմնարկներ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ Սփիւռքի տարածքին ջանք չեն խնայեր առնուազն կասեցնելու այս վայրէջքը: Ըստ երիտասարդ մասնագէտներու եւ պրպտողներու, կարելի է գտնել նաեւ այլ, լրացուցիչ միջոցներ՝ պսակաւոր ժահրի եւ մեկուսացման պայմաններուն մէջ վերապրեցնելու արեւմտահայերէնը:
Այդ երիտասարդներէն մէկն է 21-ամեայ լիբանանահայ Շահէ Արապօղլեան: Կարճ ատենուան մը մէջ ուսուցման եւ լեզուի փոխանցման մէջ մեծ տարածք կտրած է Արապօղլեան իր փորձով եւ ստացած ուսման շնորհիւ փորձեց ներկայացնել, թէ ինչո՞ւ կարեւոր է երկկողմանի՝ աշակերտ-ուսուցիչ կապը եւ հետաքրքրական խաղերու ներմուծումը ուսուցման մէջ: Համաձայն եմ եւ ես ալ այդպէս վարուած եմ քառասնամեայ մանկավարժական փորձառութեանս ընթացքին, որ ուսուցումը պէտք է ըլլայ փոխներգործօն եւ դասաւանդութիւնը պէտք չէ վերածուի «միակողմանի երթեւեկութեան»:
Չի կարելի չհամաձայնիլ գլխաւոր բանախօսի այն մօտեցումներուն հետ, որ ուսուցման մէջ պէտք է ընդգրկուին նաեւ միջազգային կամ համամարդկային նիւթեր: Միանգամայն ճիշդ է Արապօղլեան, որ կը թելադրէ առաջին իսկ պահէն չծանրանալ ուղղագրական ու քերականական սխալներուն ը կաս-կարմիր սրբագրութիւններով երեսին շպրտելով, այլ շեշտը դնել խօսակցութեան վրայ, քաջալերելով պատանին հայերէնով արտայայտուելու:
Քննարկում-զրոյցին մէջ ընդգրկուած էին նաեւ այլ մանկավարժներ: Այսպէս՝ Պուէնոս Այրեսի ՀԲԸՄ Մարի Մանուկեան վարժարանի տնօրէնուհի դոկտ. Էլենա Աշճեան ներկայացուց արժանթինահայ աշակերտին ու երիտասարդին տագնապը: Թէեւ հայերէնը մայրենի եւ խօսակցական լեզու չէ, բայց հոգիով հայ են, ըսաւ ան, այս պայմաններուն տակ պէտք չէ յուսահատիլ, այլ պէտք է օգտուիլ առցանց բոլոր հնարաւորութիւններէն: Մոնթրէալի ՀԲԸՄ Արմէն-Քեպեք Ալեք Մանուկեանի տնօրէն Շահէ Թանաշեան ըսաւ. «Արեւմտահայերէնը հիմնաքարերէն մէկն է եւ մեր ինքնութեան հիմքը»: Այնուհետեւ ան շեշտեց կարեւորութիւնը հայախօսութեան, հոգ չէ եթէ քերականական բացարձակ անսխալութեամբ չ՛արտայայտուիր աշակերտը: Խօսք առաւ նաեւ ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի Հայկական բաժանմունքի վարիչ Հրաչ Սեփեթճեան ըրաւ հետեւեալ կարեւոր մատնանշումը թէ՝ անհրաժեշտ է ունենալ արեւմտահայերէնով 24 ժամեայ հեռատեսիլ եւ ձայնասփիւռ, նաեւ առցանց տարբերակ։ «Արեւմտահայերէնին պէտք է նոր շունչ տանք», ըսաւ ան:
Այս թղթակցութիւնը թերի պիտի ըլլար եթէ չանդրադառնայի «բուն դերակատարներուն», որոնք յաջողութեամբ գլուխ հանեցին ձեռնարկները: Միհրան Թումաճեան արդէն հաստատուած մասնագէտ մըն է, որ քիչ բառերով շատ բան կ’ըսէ եւ ճիշդ կը կառավարէ իրեն վստահուած հանդիսավարութիւնը: Համահանդիսավար Սեւան Տէր Պետրոսեան կ՛ամբողջացնէ հանդիսավարի գործը՝ կատարելով լրացումներ: Պէտք է յիշել նաեւ «վարագոյրին ետեւէն» աշխատող Գարլ Պարտաքեանի հեռավար ձեռնարկի հետ առնչուող մասնագիտական աշխատանքները:
Անվարան եւ ուրախութեամբ կրնամ ընթերցողին փոխանցել գոհունակութիւնս, որ մեզի յաջորդած սերունդը հաստատակամութեամբ մխրճուած են ԹՄՄի եւ այլ հասարակական այլ ձեռնարկներու մէջ եւ հպարտութեամբ կը կատարէ իրենց վստահուած գործը:
(Յապաւուած)