Երեքշաբթի, 29 սեպտեմբերի առաւօտէն սկսեալ բուռն բախումներ տեղի կ’ունենան արցախա-ազրպէյճանական սահամանագիծի ողջ երկարութեամբ:
« Ազրպէյճանական կողմը կը ձեռնարկէ յարձակումի փորձեր՝ կիրառելով հրետանի, անմարդ օդային սարքեր, զրահապարտ եւ այլ ուժեր: Պաշտպանութեան բանակի ուժեր յաջողութեամբ կը հակադարձեն թշնամիին յարձակումները:
Վերջին տուեալներով թշնամին կորսնցուցած է 11 անմարդ օդային սարք, 1 զրահապատ, 4 զրահափոխադրիչ, 5 հրասայլ : Թշնամին ունի նաեւ մարդկային մեծաթիւ կորուստներ» նշուած է Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: