Կիրակի, 11 հոկտեմբերի գիշեր, երկուշաբթի, 12 հոկտեմբերի լոյս առաւօտեան յարաբերական կայուն-լարուած մթնոլորտ մը տիրած է հայ-ազերիական սահմանագիծերուն վրայ:
Թշնամին երկուշաբթի առաւօտեան ժամերուն վերսկսաւ յարձակիլ հիւսիսային եւ հարաւային սահմանագիծերուն, յատկապէս Հատրութի ուղղութեամբ:Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ Հատրութը կը մնայ հայկական ուժերու հսկողութեան տակ: Ան նաեւ յայտնեց,թէ կասեցուցած են ռազմադաշտերուն մէջ տարածքային առաւելութիւն ստեղծելու թշնամիին բոլոր փորձերը: Առաւօտեան տուեալներով, թշնամին ունի առնուազն 200 մարդկային զոհ, 3 անօդաչու թռչող սարք եւ 3 զրահապատ:
Բախումները կը շարունակուին տակաւին:
Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները այսօր՝ երկուշաբթի, Լիւքսեմպուրկի մէջ պիտի քննարկեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը՝ ուրբաթ, 9 հոկտեմբերին, Մոսկուայի մէջ գոյացած զինադադարի համաձայնութեան լոյսին տակ: