Հայկական զինուած ուժերը հերոսական մարտեր կը մղեն Արցախի սահմանագիծերուն վրայ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ թշնամին վաղ առաւօտէն սկսեալ ծանր հրետանիներով կը ռմբակոծէ հայկական դիրքերը: Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ այս պահի դրութեամբ հայկական կողմը ունի մօտ 200 վիրաւոր, որոնց մէկ մասը փոխադրուած է Երեւան:
Ան աւելցուց, թէ թշնամին կը ռմբակոծէ Մարտակերտը.« Այս պահուն թիրախաւորուած են նաեւ բնակավայրերը». Նշեց Յովհաննիսեան:
Չինաստան իրադրութիւնը անմիջապէս հանդարտեցնելու եւ երկխօսութեան ճանապարհով տարաձայնութիւնները լուծելու կոչ ըրաւ հակամարտութեան կողմերուն:
Աւստրիական խորհրդարանի անդամ, հայ-աւստրիական բարեկամութեան խմբաւորումի ղեկավար Կուտրուն Քուկլեր յայտարարեց, թէ Աւստրիա ամէն քայլի պիտի պիտի դիմէ, որպէսզի դադրեցնէ պատերազմը:
Ուքրանիոյ խորհրդարանի անդամներ Հայաստան մեկնելու եւ հայ ժողովուրդին օգնելու ցանկութիւն յայտնեցին: