Արցախի նախագահի մամլոյ քարտուղար Վահրամ Պօղոսեան յայտնեց, թէ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւններ տեղի կ’ունենան Հատրութի շրջանին մէջ:« Թշնամին մեծաքանակ ուժեր կեդրոնացնելով այդ ուղղութեամբ, ամէն կերպ կը փորձէ ներխուժել քաղաքը: Պաշտպանութեան բանակը ամեն թիզ հողի վրայ ծանր մարտեր կը մղէ». աւելցուց Պօղոսեան: