Հայաստանի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտնեց, թէ Ազրպէյճան կը շարունակէ ռմբակոծել Ստեփանակերտը:
« Կրկին հարուածներ կը հասցուին, կայ աւերուածութիւն, կան զոհեր: Ազերիները նաեւ ինքնաթիռներով կը ռմբակոծեն Ստեփանակերտը». յայտնեց Յովհաննիսեան: