Ըստ երեւոյթին բաւական կատաղի բախումներ տեղի կ’ունենան Արցախի հանրապետութեան բոլոր ճակատներուն վրայ: Միջազգային ընտանիքէն միայն յորդորանք եւ բարոյական դասախօսութիւն կը լսենք ցարդ:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան յայտարարեց, թէ ազերի թշնամին ռմբակոծած է Ստեփանակերտը.« Ստեփանակերտը խփեցին: Ստեփանակերտի մէջ կան քաղաքացիական ենթակառոյցներու բազմաթիւ վնասներ, վիրաւորներ: Հարուածի ենթարկուած է քաղաքացիական փրկարար ծառայութիւնը»:
Իր կարգին, Արցախի նախագահի մամլոյ խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան յայտարարեց.« Համաչափ պատասխան պիտի տանք, որուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը պիտի կրէ Ալիեւ ընտանիքը»:
Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արտակ Բեգլարեան նշեց, թէ հարուածները կատարուած են ծանր զէնքերով.« Սա Ստեփանակերտին հասցուած ամենածանր հարուածն էր». յայտնեց Բեգլարեան:
Եւրոպական Խորհուրդը 1 հոկտեմբերին Եւրոպական միութեան ղեկավարներու գագաթնաժողովին արձանագրեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը չի կրնար ունենալ ռազմական լուծում եւ չի կրնար ենթարկուիլ արտաքին միջամտութեան:
Ֆրանսայի նախագահ Էմմանուէլ Մաքրոն խոստացաւ հեռախօսազրոյց մը ունենալ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի հետ, որպէսզի քննարկէ սուրիացի զինեալները Թուրքիոյ տարածքով Ազրպէյճան փոխադրելու երեւոյթը:
France 24 հեռատեսիլի կայնը հաղորդեց, թէ Մաքրոն նաեւ ըսած է, թէ սուրիացի զինեալներ Լեռնային Ղարաբաղ փոխադրելով, Թուրքիա խախտած է կարմիր գիծը՝ եւ այս քայլը անընդունելի է.« Ես ՆԱԹՕ-ի բոլոր գործընկերներուն կոչ կ’ընեմ հաշուի առնել ՆԱԹՕ-ի անդամին կեցուածքը»:
«Le Figaro» թերթին տուած հարցազրոյցին մէջ, Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած է, թէ միջազգային հանրութիւնը պէտք է արագ կանխէ բռնութեան տարածումը:
Ռազմական գետնի վրայ, կէսօրուան ժամը 12.15-ի դրութեամբ Արցախի հարաւային շրջաններուն մէջ, պաշտպանութեան բանակը ջախջախած է թշնամիի ինքնաթիռ մը եւ երկու անօդաչու թռչող սարք: Անոնք նաեւ չէզոքացուցած են S-90 տիպի հրասայլ մը: