ԹԵՀՐԱՆ, «Իսնա».- Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի փոխհրամանատար եւ փոխծովակալ Ալի Ֆատաւի, պատասխանելով Իրանի հետ սահմանին վրայ իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքի կողքին Իլհամ Ալիեւի լուսանկարին վերաբերեալ լրագրողի մը հարցումին՝ ըսաւ. «Արտասահմանեան արտադրանքով լուսանկարները հպարտութեան առիթ չեն, սակայն եմէնցիներու ստեղծած հեռահար անօդաչու թռչող սարքերը հպարտութեան առիթ են»:
Անդրադառնալով իսրայէլեան լրատուամիջոցներու այն հաղորդագրութիւններուն, ըստ որոնց, իրանեան զինեալ ուժերը պիտի չկարենան դիմակայել Ատրպէյճանը, որովհետեւ Միացեալ Նահանգները եւ Իսրայէլը անոր կ՛աջակցին՝ Ֆատաւի ըսաւ. «Տեսէք, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է այժմ սիոնական վարչակարգը, որուն 70 տարիներէ ի վեր կ՛աջակցի սատանայի ճակատը»:
Ֆատաւի ըսաւ, որ Իրան այնքան սերտօրէն կապուած է իր դրացիներուն եւ իսլամական երկիրներուն հետ, որ «սատանայի չարիքը չի կրնար վնասել այդ կապը: Մենք պէտք չէ ուշադրութիւն դարձնենք սիոնականներու եւ անոնց լրատուամիջոցներու խօսքերուն»:
Միւս կողմէ, Իրանի խորհրդարանի անդամ Մոհսեն Տեհնաւի Թեհրանէն խստօրէն դատապարտեց Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, Պաքուի մէջ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչին գրասենեակը փակելու որոշումին համար: «Պաքուի իշխանութիւնները բարձրացուցին ամբարտաւանութեան նշաձողը՝ փակելով գերագոյն հոգեւոր պետի ներկայացուցիչի ուրբաթօրեայ աղօթասրահը: Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքը գրկելու փոխարէն՝ Ալիեւ թող դադրեցնէ լարուածութիւն ստեղծելը, այլապէս ճշգրիտ խոցող հրթիռներու ձայնէն պիտի արթննայ: Մեր դեսպանը եւս պէտք է աւելի վճռական կերպով կատարէ իր պարտականութիւնները»: