Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թող սրբալոյս Միւռոնը համախմբէ մեր զաւակները` մէկ ազգի ու մէկ հայրենիքի շուրջ

July 18, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
Թող սրբալոյս Միւռոնը համախմբէ մեր զաւակները` մէկ ազգի ու մէկ հայրենիքի շուրջ

Սոյն գրութիւնը խտացումն է սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան առթիւ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետի պատգամին, Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ, 1 յուլիս 2022-ին:

Սա խորհրդալից պահուն սրբալոյս միւռոնի օրհնութեամբ պայծառակերպուած Անթիլիասի մայրավանքէն կ՛ողջունեմ մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակները եւ իրենց աղօթքներուն թարգմանը ըլլալով, աղաչանքս կը վերառաքեմ առ Աստուած` Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի աղօթասաց բառերով` «Օրհնէ՛ մեզ, Տէ՛ր, այս սուրբ միւռոնով, որպէսզի ան դառնայ աղբիւր քաւութեան, բժշկութեան, շնորհներու ու երջանկութեան» (Բան ՂԵ, ԻԴ):

Արդարեւ, կարելի չէ հասկնալ Հայ եկեղեցւոյ կեանքն ու առաքելութիւնը, խորհուրդն ու պատգամը` առանց սուրբ միւռոնին, հայաբոյր միւռոնին: Կարելի չէ հասկնալ պատմութեան ահաւոր փոթորիկներուն մէջ հրաշքը հայ ժողովուրդի գոյութեան` առանց հրաշագործ միւռոնին:

Հետեւաբար սոսկ ծիսական արարողութիւն մը չէ միւռոնի օրհնութիւնը: Ան Աստուծոյ էջքն է երկիր ու մարդուն բարձրացումը` երկինք: Աստուծոյ ու մարդու հաղորդութեան խորախորհուրդ պահն է միւռոնի օրհնութիւնը` Սուրբ Հոգւոյ երկնառաք շնորհներու ներգործութեամբ: Մեր ազգին հոգեւոր պայծառակերպումի ու ազգային վերանորոգման պահն է միւռոնի օրհնութիւնը` մեր հոգեւոր ու ազգային աւանդութիւններու, արժէքներու ու ապրումներու միախառնումով:

Խոր է իմաստը եւ հրաշազան խորհուրդը հայու սրբալոյս միւռոնին: Աստուծոյ ստեղծագործութեան բարիքները կան միւռոնին մէջ` ձէթի կողքին աւելի քան քառասուն ծաղիկներու եւ հունտերու ներդաշնակ միաձուլումով: Իր նիւթեղէն գոյութենէն անդին` երկնային սրբութեան ցօղն է միւռոնը մեր մեղապարտ կեանքին վրայ ու երկնային լոյսին ճառագայթը` մեր խաւար երկնքին վերեւ:

Աստուածաշնչական ծագում ունեցող միւռոնին հետ մեր ժողովուրդը շաղախած է իր հաւատքն ու յոյսը, իր հայրենիքին հողն ու քարը, իր ինքնութիւնն ու լինելութիւնը: Միւռոնին հետ միաձուլուած են հոգեմտաւոր երկունքները մեր հայրապետներուն ու երկինք բարձրացող աղօթքները` մեր սուրբերուն: Միւռոնին հետ նոյնացած է մեր ողջ ազգը` իր ոգեղէն արժէքներով, հոգեկան ճենճերումներով, միտքի խոյանքներով, արեան վկայութեամբ, իր գողգոթայով ու յարութեամբ: Այլ խօսքով, սրբալոյս միւռոնը խտացումն է մեր դարաւոր պատմութեան` իր փառքի ու արեան էջերով, իր հոգիի ու մտքի հսկաներով:

Լոկ ծիսական գործածութեան համար սահմանուած նիւթ չէ միւռոնը: Հայը երկնային շնորհներով զարդարող ու առաքինութիւններով թրծող ուժ է ան, Սուրբ Հոգւոյ շօշափելի ներկայութիւնն է սուրբ միւռոնը մեր կեանքին մէջ: Այսպէ՛ս հաւատացած է մեր ժողովուրդը` հայոց երկրորդ լուսաւորիչ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն սկսեալ: Իր կեանքի մռայլ թէ ուրախ օրերուն, իր պատմութեան արիւնոտ թէ ծաղկաւէտ ճամբաներուն վրայ հաւատքի աչքերով մեր ժողովուրդը նայած է միւռոնին,  հաւատքի քայլերով մօտեցած է անոր, հաւատքի զօրութեամբ ստացած է միւռոնի դրոշմը` անոր մէջ տեսնելով Սուրբ Հոգւոյ կենսաւորիչ, վերանորոգիչ, բուժիչ ու պայծառակերպիչ ներգործութիւնը:

Իր շնորհաբաշխ զօրութեամբ դարեր շարունակ սրբալոյս միւռոնը դարձած է աստուածային օրհնութիւն` մեր կեանքի երկինքին վերեւ, երկնային պահապան` վտանգներու դիմաց,  հզօր վահան` չարին ու չարիքին դէմ, անուշաբոյր բալասան` մեր վէրքերուն ու ցաւերուն:

Միւռոնով կը դրոշմուին Քրիստոսի խորհրդական մարմնին` եկեղեցւոյ մաս կազմելու կոչուած մեր մանուկները:

Միւռոնով կ՛օծուին Աստուծոյ եւ իր ժողովուրդին ծառայելու կոչուած մեր հոգեւորականները:

Միւռոնով կ՛օծուին Աստուծոյ տունը դառնալու կոչուած մեր եկեղեցիները:

Միւռոնով կ՛օծուին հայ եկեղեցւոյ մէջ գործածուելու սահմանուած իրերն ու սպասները:

Սրբալոյս միւռոնի հպումով կը սրբագործուի հայու կեանքը` աշխարհի ապականիչ բարքերուն ու մոլութիւններուն դիմաց:

Միւռոնը Սուրբ Հոգւոյ շնորհներուն ու բարիքներուն պարգեւն է հայուն: Ան երկնային հրաւէր է` դառնալու Աստուծոյ, երկինքը ապրելու երկրի վրայ: Ան Աստուծոյ կենարար ներկայութիւնն է մեր մեղաւոր կեանքին մէջ: Նիւթեղէն միւռոնի ճամբով Աստուծոյ Միածին Որդին` որպէս երկնային միւռոն, կը բուրէ մեր կեանքին մէջ եւ միւռոնաօծ հայը կը հրաւիրէ աշխարհի ժխորին մէջ հետեւելու իրեն` որպէս ճշմարիտ ճամբու, գերագոյն ճշմարտութեան եւ յաւիտենական կեանքի (Յովհ 14, 6):

Միւռոնը խորհրդանիշ է Հայ եկեղեցւոյ անքակտելի միութեան: Արդարեւ, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան սուրբ միւռոնին միախառնումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սուրբ միւռոնին եւ փոխադարձաբար` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միւռոնին միախառնումը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան միւռոնին, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու մասնակցութիւնը միւռոնօրհնութեան` թէ՛ Սուրբ Էջմիածնի եւ թէ՛ Անթիլիասի մէջ, պերճախօս վկայութիւն մըն է Հայ եկեղեցւոյ նոյն եւ մէկ միւռոնին եւ Հայ եկեղեցւոյ անխախտելի միութեան:

Մէկ ազգի ու մէկ պատմութեան մեր անբեկանելի պատկանելիութեան ամրակուռ առանցքն է սուրբ միւռոնը:

Մեր ազգի աշխարհացրիւ զաւակները համախմբող, անոնց կեանքին խորք ու իմաստ, ինքնութիւն ու նպատակ տուող  երկնային ուժ է սուրբ միւռոնը:

Մեր ազգին իւրայատուկ ինքնութեան ամուր շաղախն է ու խորհրդանիշը սուրբ միւռոնը` կեանքի այլասերիչ հոսանքներուն դիմաց:

Մեր ազգի յաւերժական երթին պահապանը, ամբողջականութեան երաշխիքը, անխախտ միութեան հէնքը եւ հաւատքի հզօրութեան կնիքն է սրբալոյս միւռոնը:

Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեամբ մեր եկեղեցին ինքզինք կ՛ըլլայ իր հարազատ  էութեամբ ու աստուածատուր վկայութեամբ: Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեամբ հայը մասնակից կը դառնայ իր ազգին ու եկեղեցւոյ դարաւոր պատմութեան:  Սրբալոյս միւռոնի օրհնութեամբ մեր պատմութեան հոգիի ու մտքի հսկաները, մեր սուրբերն ու նահատակները կը դառնան շնչող ու շնչաւորող ներկայութիւն հայ կեանքին մէջ:

Արդ, միւռոնաբոյր այս պահը մեր հոգեւոր կեանքի վերանորոգման, մեր ազգային ինքնութեան վերահաստատման պահ է ու միաժամանակ երկնային հրաւէր` ազգին միւռոնադրոշմ զաւակներուն:

Մնացէ՛ք հաւատարիմ ձեր ճակտին վրայ դրոշմուած սուրբ միւռոնին, անոր խորհուրդին ու հրամայականին: Մնացէ՛ք հաւատարիմ սրբալոյս միւռոնի յաւերժական պատգամին:

Սրբալոյս միւռոնով մենք միակամ ենք ու հզօր:

Սրբալոյս միւռոնով Հայաստանը, Արցախը ու սփիւռքը անբաժանելի մէկ ամբողջութիւն են:

Սրբալոյս միւռոնով մենք դէպի յաղթական ապագայ ընթացող ազգ ենք:

***

Եւ այժմ, սա խորախորհուրդ պահուն, նոր օրհնուած սրբալոյս միւռոնին առջեւ ծունկի գալով եւ մեր ժողովուրդի աշխարհացրիւ զաւակներու աղօթքներուն թարգմանը ըլլալով` աղօթքս կը վերառաքեմ առ Աստուած ըսելով.

Ո՜վ Տէր, թող այս միւռոնը երկնային օրհնութեամբ շաղախէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն կեանքի օրերը, մեր մտածումներն ու գործերը:

Թող այս միւռոնը սրբութիւն ցօղէ տեսանելի ու անտեսանելի մեղքերով լեցուն մեր կեանքին վրայ:

Թող այս միւռոնի օծումով մեր մանուկներուն կեանքը Սուրբ Հոգւոյն շնորհներով ծաղկի, մեր հոգեւոր մշակները կոչումի խոր գիտակցութեամբ կատարեն իրենց քրիստոսատուր առաքելութիւնը, մեր եկեղեցիները պայծառանան հաւատացեալներու աղօթքով ու մասնակցութեամբ:

Թող այս միւռոնի հպումով հիւանդները բուժուին, չարիքները հեռանան, ու չարերը պարտուին:

Թող այս միւռոնը լուսաւորէ մեր կեանքի խաւար երկինքը ու մոլոր ճամբաները, սրբէ մեր հոգիները, մաքրէ մեր սրտերը ու օրհնէ մեր կեանքը:

Թող այս միւռոնը, ո՜վ Տէր, համախմբէ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մեր ժողովուրդի զաւակները մէկ ազգի ու հայրենիքի շուրջ` մեր պատմութեան այս վճռադրոշմ հանգրուանին:

Թող այս սրբալոյս միւռոնը դառնայ յաւերժահոս աղբիւր` երկնային բարիքներու, հոգեւոր վերածննդեան, ազգային միասնութեան եւ յաւերժայաղթ հայութեան:

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Previous Post

ԵԱՀԿ-ը եւ Ռուս եսպանին Շուշի այցելութիւնը

Next Post

Արամ Խաչատուրեանի սենեակը` «Երեւան» պանդոկին մէջ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.