Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թումանեանի հայրենի եզերքին՝ հեքիաթը արեւմտահայերէնով

August 30, 2023
in Mobile Home, Newsletter, Մշակութային
0
Թումանեանի հայրենի եզերքին՝ հեքիաթը արեւմտահայերէնով

Անի Զէյթունցեան-Հանրային Ռատիօ

https://hy.armradio.am-Թումանեանի պատմասութեան միջազգային փառատօնը տեղի ունեցաւ Հայաստանի հիւսիսը գտնուող՝ Լոռի մարզի Թումանեան գիւղին մէջ, վերականգնելու պատմասութան մշակութային ժառանգութիւնն ու աւանդոյթը։ Միջոցառումը տեղի ունեցաւ նոյն լեռներուն եւ ձորերուն մէջ, որոնք ոգեշնչած են Յովհաննէս Թումանեանին։ Եռօրեայ փառատօնը կայացաւ սոյն թուականի 25,26,27 Օգոստոսին։ Փառատօնը կազմակերպուած էր՝ Յովնանեան հիմնադրամի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան աջակցութեամբ։

Հրաւիրեալ հիւրերու շարքին էին նաեւ՝ Մելիսա Ֆերահեանը Պոլիսէն, հեքիաթասաց եւ դաստիարակ ուսուցչուհի, Գուրգէն Փափազեանը՝ Պէյրութէն , վաւերագրական ժապաւէնի ֆիլմ արտադրող եւ Մհեր Օսկանը՝ Համշէնէն, հեքիաթագիր։

«Իրականութեան մէջ Հայաստանի մէջ առաջին անգամ կը մասնակցիմ։ Արեւմտահայերէնով հեքիաթ պատմելը յուզում կը պատճառէ, փառատօնի բացումը իմ հեքիաթովս պիտի սկսի յետոյ աշխատանոց մը պիտի ընեմ․․.,- ըսաւ Մելիսա, ապա աւելցուց,- հեքիաթը ամէնէն լաւ միջոցն է, լեզուն սիրցնելու եւ մշակոյթը սորվեցնելու համար»։

Գուրգէն վճռած է, որ իր բոլոր ֆիլմեը արեւմտահայերէնով ընէ , վաւերագրական ժապաւէնը Արեւմտեան Պէյրութի հայութեան մասին է։ Առաջին եկեղեցին եղած է, իբր կանգառ Երուսաղէմ գացող հայերուն համար։ Լիբանանահայութեան ծաղկումը սկսած է Արեւմտեան Պէյրութէն, որը 40 հազար հայութիւն ունեցած է, իսկ հիմա հայաթափման մէջ է։

Գուրգէն Փափազեան «Ղարպիէ» ֆիլմի հեղինակն է։

Համշէնէն եկած հիւրը՝ Մհեր Օսկան, Համշէնի բարբառով գրած է իր հեքիաթը, իր արմանտներէն եկած լեզուով՝ ինչպէս ինք կ՛ըսէ. «Մեր բարբառը արեւմտահայերէնին շատ մօտիկ է։ Մայրիկէս, հայրիկէս, անոնցմէ իմացածս իմ երեւակայութեամբ հեքիաթ գրած եմ»,- ըսաւ մեր հիւրը։

Հետեւաբար, եկէք տէր կանգնինք մեր լեզուին եւ հարստութեանց, զանոնք պատասխանատուուոթեամբ փոխանցենք յաջորդ սերունդներուն։

Previous Post

Do antibiotics really wipe out your gut bacteria?

Next Post

هوكشتاين وعبد اللهيان في بيروت اليوم… مجلس الامن يجدّد غداً لـاليونيفيل

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.