ՊԸՐՊԵՆՔ, «Նոր Օր».- Գրական երեկոյէ մը շատ աւելին էր «Նոր Օր» թերթի կազմակերպած Հինգշաբթի, 21 Մարտի հանդիսութիւնը, նուիրուած՝ «Ամենայն հայոց բանաստեղծ» Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150ամեակին եւ «Բանաստեղծութեան իշխան» Վահան Թէքէեանի 140ամեակին, որ տեղի ունեցաւ Պրպենքի առաջնորդարանի «Գալայճեան» սրահին մէջ: Ազգային զարթօնքի, ինքնաքննութեան եւ ինքնաարժեւորման պահ մըն էր, որուն ներկայ շուրջ 300 լոսանճելըսահայ գրասէրները ապրեցան հայ քնարերգութեան, հայ քերթողութեան մարգարտեայ պահեր: Աւելի քան երկու ժամ տեւած յայտագիրը սահուն ընթա-ցաւ Երեւանի պետական համալսարանէն (ԵՊՀ) փրոֆեսէօրներ Սամուէլ Մուրադեանի եւ Արծրուն Աւագեանի հաղորդականութեան ու անսպառ պաշարին շնորհիւ: Անկեղծօրէն, լոսանճելըսահայութիւնը կարօտ էր նման գրական վայելքի, ուր Թումանեանի եւ Թէքէեանի միջոցով, անոնց կեանքին ու գործին միջոցով վերաիմաստաւորուեցաւ հայու մեր ինքնութիւնը:
Հանդիսութիւնը կը վայելէր Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայութիւնը եւ հովանաւորութիւնը: Ներկայ էին նաեւ նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեան, վերապատուելի Ճօ Մաթոսեան, հոգեւոր հայրեր, Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան, ազգային քաղաքական եւ մշակութային միութիւններու ու մամուլի ներկայացուցիչներ եւ գրասէր հոծ բազմութիւն մը: «Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներ» հիմնադրամի հիմնադիր, ԵՊՀի Արեւելագիտութեան բաժանմունքի ղեկավար փրոֆ. Գուրգէն Մելիքեան եւ Հայոց լեզուի պատմութեան ամբիոնի վարիչ Նորայր Պօղոսեան նոյնպէս ներկայ էին գրական երեկոյին:
Փրոֆ. Սամուէլ Մուրադեան՝ «Յաւիտենական Թումանեանը» ընդհանուր խորագիրին տակ ներկայացուց անոր գրականութիւնը անոր կեանքին ընդմէջէն, իսկ Փրոֆ. Աւագեան, անդրադառնալով իր նոր գիրքին՝ «Վահան Թէքէեան. Ազնուական Քերթողը», վեր հանեց Թէքէեանի գրական արժէքը եւ սփիւռքահայու ցաւերը:
Նշեալ նորատիպ հատորը ներկայացուց «Արմինիըն Օպզըրվեր» թերթի խմբագիր փրոֆ. Օշին Քէշիշեան:
Հայրենի հիւր դասախօսներուն եւ «Նոր Օր»ի խմբագրութեան գնահատագիրներ յանձնեց Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Վրէժ Աղաջանեան:
Գեղարուեստական մասով հանդէս եկան Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցի շրջանաւարտներ Զուարթ Ճուլհայեան, Սուրէն Մկրտչեան, Արմինէ Ղազարեան եւ Դաւիթ Սամուէլեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ողջոյնի եւ շնորհակալութեան խօսքով ելոյթ ունեցան «Նոր Օր»ի խմբագիր Հրաչ Սեփեթճեան եւ ՌԱԿ Կեդրոնական վարչութեան ու Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ տոքթ. Րաֆֆի Պալեան:
Երեկոն հանդիսաւորապէս վարեց «Լարք»ի փոխտնօրէն Թագուհի Արզումանեան:
Նորատիպ հատորի գինեձօնի արարողութենէն ետք, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի փակման խօսքով եւ աղօթքով եզրափակուեցաւ երեկոն:
Նոյն օրը, առաջնորդարանի «Փօլ Եղբայրներ» դահլիճին մէջ, դարձեալ «Նոր Օր»ի կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ նկարիչ Շմաւոն Շմաւոնեանի նկարչական գործերու ցուցահանդէս-վաճառքը, ուր տեղադրուած էին բազմաթիւ արուեստի գործեր:
Վաճառուած նկարներուն հասոյթէն մաս մը արուեստագէտը նուիրեց «Քաշաթաղի բազմազաւակ ընտանիքներ» հիմնադրամին: