ՓԱՐԻԶ.- Չորեքշաբթի, 15 Մայիսին, Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկօ ԹՈՒՄՕի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանին յանձնեց Ֆրանսայի Հանրապետութեան պատուաւոր «Palmes Acade-miques» մրցանակը ու «ասպետ» կոչումը:
«Առանց քեզ, Մարի Լու, ԹՈՒՄՕ-ն գոյութիւն չէր ունենար ո՛չ Հայաստանի, ո՛չ Փարիզի մէջ: Եթէ այս մետալը պէտք է ստեղծուէր, անիկա պէտք է ըլլար քեզի համար: Դուն աշխարհի քաղաքացի ես: ԹՈՒՄՕ կը նշանակէ ազատութիւն: Անիկա աշխարհի լաւագոյն դպրոցն է: ԹՈՒՄՕ-ի խումբը շատ հպարտ է», ըսաւ Անն Իտալկօ եւ շքանշանը յանձնեց Մարի Լու Փափազեանին: