Հայաստանի մէջ գործող “Թումo” արհեստագիտական կրթութեան կեդրոնի ներկայացուցիչներ Բեկոր Փափազեան եւ Ռաֆֆի Աճեմեան 30 Ապրիլ, 2015-ին հանդիպում ունեցան Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բարձր կարգերու աշակերտներուն հետ, քննարկելու համար Լիբանանի մէջ կեդրոնի մասնաճիւղ բանալու վերաբերեալ իրենց ունեցած ծրագրին մասին աշակերտներու մօտեցումները, ակնկալութիւնները եւ կարելիութիւնները:
Բ. Փափազեան եւ Ռ. Աճեմեան նախ աշակերտներուն ծանօթացուցին կեդրոնի կրթական ծրագիրը, որուն կարեւորագոյն բաղադրամասերն են ֆիլմարուեստի տարբեր տեսակները, համակարգչային խաղերու եւ կայքէջերու ծրագրաւորումն ու ձեւաւորումը: Անոնք բացատրեցին, որ “Թումօ”ն արտադպրոցական ուսումնական միջավայր է, նախատեսուած 12-18 տարեկան պատանիներու համար: “Մեր նպատակն է ընդլայնել երիտասարդներու մտահորիզոնը և միջոցներ տրամադրել իրենց լիարժէք ստեղծագործական ներուժը բացայայտելու համար”, ըսին անոնք: Ապա ներկայ աշակերտները արտայայտուեցան բոլոր այն խնդիրներուն մասին, որոնք կապ ունին Լիբանանի մէջ նմանօրինակ կեդրոնի մը բացման եւ գործունէութեան հետ: