Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թուրանական կամուրջի կասեցումն ու «ռեւանշիստական» ուժերը

June 28, 2022
in Mobile Home, Newsletter, Յօդուածներ
0
Դասական նախապայմանները մղվել են երկրորդ պլան. Անկարայի համար կարևորը հայ-ադրբեջանական բանակցությունների մեկնարկն է

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Անգարայէն եւ Պաքուէն հնչող յայտարարութիւնները ապաշրջափակման եւ սահմանազատման-սահմանագծման առումներով որոշ շտապողականութիւն կը մատնեն եւ բնականաբար համակարգուած ըլլալու համոզումը կը փոխանցեն:

Այսպէս. Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարելէ ետք, թէ իրենք կ՛աջակցին Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, կը շեշտէր, որ ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին կը սպասեն «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման, որ կապ կ՛ապահովէ «Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններուն» հետ: Չաւուշօղլուն կը վերաշեշտէր, որ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացումը շատ կարեւոր է ամբողջ տարածաշրջանի տեսանկիւնէն:

Շտապողականութիւն կը նկատուի նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին կատարած յայտարարութեան մէջ: Այստեղ, ի տարբերութիւն Անգարայի «քաղաքակիրթ» ոճին` տարածաշրջանի ապաշրջափակման կարեւորութիւնը շեշտելու, Պաքուի յայտարարութեան մէջ կայ սպառնալիք: «Եթէ Հայաստանը սահմաններու որոշման հարցին մէջ կրկին դիմէ իր մարտավարութեան, փորձէ ձգձգել ժամանակը, պիտի զղջայ: Մենք ուշադիր կը հետեւինք վրէժխնդրական (ռեւանշիստական) ուժերու գործողութիւններուն, որոնք կը փորձեն գլուխ բարձրացնել Հայաստանի մէջ»:

Ազրպէյճանական այս յոխորտանքի առաջին բաժինը կը կապուի Անգարայի շտապողականութեան` միջանցք բանալու: Նոյնն է առաջադրանքը: Սահմանազատումն ու սահմանագծումը թուրքեւազրպէյճանական հայեցողութեամբ Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի ցամաքային միացումն է: Երկու ուղղութեամբ կը շարունակեն ճնշել Երեւանի վրայ:

Թուրքեւազրպէյճանական այս շտապողականութիւնը չէզոքացնողը, ըստ Պաքուի (հետեւաբար նաեւ` Անգարայի), ընդդիմութիւնն է: Աւելի յստակ ընկալումով` թուրանական կամրջումը կասեցնողը: Երբ կ՛ըսուի, որ այս գործընթացը ձգձգելու համար Հայաստանը պիտի զղջայ, եւ անմիջապէս կը հիմնաւորուի, թէ Պաքուն մօտէն կը հետեւի վրէժխնդրական ուժերու գործողութիւններուն, պարզապէս պատասխանատուութիւնը կը բարդուի Դիմադրութեան շարժումին վրայ:

Պետականամէտ մտածողութիւնը, եթէ կը նկատէ, որ թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութիւնը եւ թուրանական կամուրջի կառուցումը չի բխիր հայկական շահերէն, ապա պիտի համոզուի բողոքի գործողութիւններուն օգտակարութեան: Որքան կայանան այդ գործողութիւնները, որքան զանգուածայնանայ շարժումը, այնքան կը պակսի թուրանական կամուրջի կառուցման հաւանականութիւնը: Այս հասկացողութեամբ պէտք է ընկալել նաեւ Դիմադրութեան շարժումի յայտարարութիւնը, որ միջազգային ընտանիքը համոզուեցաւ, որ ժողովուրդը պատրաստ չէ միակողմանի զիջումներու:

Թուրանական կամուրջի առաջադրանքը ունի նաեւ աշխարհաքաղաքական տարողութիւն: Թուրքիոյ նախագահին բանբերը կը հիմնաւորէր Ռուսիոյ դէմ կիրարկուող պատժամիջոցներուն չմիանալու իր պետութեան կեցուածքը: Պարզ է. Անգարան տակաւին Մոսկուայի հետ համակարգելի խնդիրներ ունի, որոնց շարքին` 9 նոյեմբերի յայտարարութեան 9-րդ կէտը` ամէնէն հրատապ կարգով ապաշրջափակումը:

Այս կեցուածքին համահունչ է Ազրպէյճանի մէջ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարին կատարած յայտարարութիւնը, թէ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եռանախագահական ձեւաչափը կազմալուծուած է, թէկուզ Ուաշինկթընի եւ Փարիզի ոչ կառուցողական դիրքորոշումներուն պատճառով: Այս ինքնին կը նշանակէ, որ հիմնախնդիրին կարգաւորման համար ըստ էութեան կը գործէ Մոսկուա-Անգարա համաձայնութիւնը:

Լաւրովի յայտարարութեան միջավայրը յատկանշական է անշուշտ. տակաւին պարզ չէ, թէ Մոսկուան թուրքեւազրպէյճանական շտապողականութեան տեղի տալու շարժառիթ ունի՞ թէ՞ ոչ: Անգարան տակաւին սկանտինաւեան երկիրներու` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան դէմ վեթոյի խաղաթուղթեր ունի: Մինչ այժմ սակայն չէ ստացած ռուսական համաձայնութիւն` սուրիական տարածքներու վրայ քրտական զինեալ խումբերու դէմ լայնածաւալ գործողութիւններ սանձազերծելու: Ո՛չ ալ իր առաջադրած «միջանցք»-ը բանալու:

Հայ քաղաքական միտքը պիտի մտածէր, որ դիմադրական շարժումի զանգուածայնացումը պիտի նպաստէր այդ կամուրջի կառուցումը արգելակելուն:

Previous Post

Հարցազրոյց՝ Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի հսկիչ հոգշ. տ. Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանի հետ

Next Post

Նա երբեք Հայաստանում չեղավ, բայց նրա դագաղի կողքին երկու դրոշ էր փողփողում. ինչպես ՀԱՅԱԶԳԻ գիտնականը մի քանի կյանքեր ունեցավ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.