Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու կոչ ուղղած է բարեփոխելու միջազգային անվտանգութեան համակարգը: «Հապերլեր» կը հաղորդէ, որ ան նշած է, որ նման անհրաժեշտութեան մասին կը վկայէ Ուքրանիոյ պատերազմի օրինակը:
«Միջազգային անվտանգութեան համակարգը, ՄԱԿ-ի համակարգը ի վիճակի չեն տագնապներ, բարդ հարցեր լուծելու», ընդգծած է թրքական դիւանագիտութեան պետը, որուն պնդումով` համակարգը բարեփոխման կարիք ունի:
Ան միեւնոյն ժամանակ շեշտած է, որ Անգարան պատրաստ չէ «ձեռքերը ծալած նստելու եւ սպասելու, որ անոնք տեղի ունենան»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ Թուրքիան կ՛աջակցի իր բոլոր դրացիներու տարածքային ամբողջականութեան:
«Թուրքիոյ դիրքորոշումը հիմնուած է արդար եւ հաւասարակշռուած մօտեցումի վրայ», աւելցուցած է Մեւլութ Չաւուշօղլու:
«Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ան յայտարարած է. «Եթէ հարեւանութեամբ հրդեհ է, ապա մեր առաջին պարտականութիւնը զայն մարելն է, որովհետեւ Թուրքիան շրջանային երկիրէն վերածուած է համաշխարհային տէրութեան»:
Անոր համաձայն, սովորական աշխարհակարգը կը փոխուի: