ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ»․- Կարսի մէջ, 1 փետրուարին սկսան «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները։ Հայաստանի սահմանին մօտ, մինչեւ 12 փետրուար երկարող այս ռազմափորձերը, Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը կ’իրականացնեն, միասնաբար։
Ռուսական մամուլի կարգ մը հրապարակումներու մէջ կը մատնանշուի, որ Հայաստանի սահմաններուն մօտ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ռազմական աշխուժութիւնը շատ մտահոգիչ է։
Նշենք, որ նոյն օրը հեռաձայնային զրոյց մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Վաղարշակ Յարութիւնեանի եւ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկուի միջեւ։ Քննարկուեցան ռազմական համագործակցութեան համար սպայակոյտի բանակցութիւններու արդիւնքները։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ յետ-պատերազմեան շրջանին Հայաստանի ապահովական հարցերու լուծման։