«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի` Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները ճանչնալու որոշումը:
«Այսպէս կոչուած Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւնները ճանչնալու Ռուսիոյ որոշումը կը հակասէ Մինսքի համաձայնութիւններուն եւ նաեւ կը ներկայացնէ Ուքրանիոյ քաղաքական միութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ակնյայտ խախտում», կը նշուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան մէջ:
«Ռուսիոյ որոշումը անընդունելի է, եւ մենք կը մերժենք զայն», կ՛աւելցնէ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Յայտարարութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Թուրքիան կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը Ուքրանիոյ քաղաքական միութեան ու տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կոչ կ՛ուղղէ` գործելու ողջախոհութեամբ եւ պահպանելու միջազգային օրէնքը:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր կարգին անընդունելի նկատած է Ռուսիոյ կողմէ Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ճանաչումը:
Էրտողան, մեկնաբանելով Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ճանաչման վերաբերեալ Վլատիմիր Փութինի հրամանագիրը, ըսած է. «Կողմերուն ողջախոհութեան եւ միջազգային օրէնքի արժեչափերու յարգման կոչ կ՛ուղղեմ»:
Ան ընդգծած է, որ Թուրքիան, իբրեւ սեւծովեան շրջանի երկիր, Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ լարուածութեան մեղմացման առնչուած շարք մը քայլեր կը նախապատրաստէ եւ կը գործադրէ:
Միւս կողմէ, «Սփութնիք Արմենիա» հաղորդեց, որ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, ապա «Թուիթըր»-ի վրայ կատարած գրառման մէջ յայտնած է, որ Էրտողանին շնորհակալութիւն յայտնած է` Տոնպասի վերաբերեալ Ռուսիոյ որոշումին լոյսին տակ Ուքրանիոյ աջակցելուն համար:
«Ես նաեւ անոր իմ երախտագիտութիւնս յայտնած եմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներու, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ, Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ մասնակցութեամբ վեհաժողովի գումարման նախաձեռնութեան աջակցելուն համար», գրած է Ուքրանիոյ նախագահը:
Նշենք, որ թրքական «Էն.Թի.Վի.» պատկերասփիւռի կայանը երէկ հաղորդեց, որ Էրտողան կ՛ընդհատէ ափրիկեան իր շրջագայութիւնը եւ կը վերադառնայ Թուրքիա: «Էրտողան չեղեալ յայտարարած է Կինէ իր այցելութիւնը, որ ափրիկեան շրջագայութեան ծիրին մէջ անոր ծրագիրին երրորդ փուլն էր: Նախագահը Սենեկալէն Թուրքիա պիտի վերադառնայ այսօր երեկոյեան», հաղորդեց պատկերասփիւռի կայանը:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով, մեկնաբանելով Թուրքիոյ նախագահի խօսքերը, յայտնեց. «Մենք թուրքերուն հետ ունինք տարակարծութիւններ, եւ կան ոլորտներ, ուր մենք հասած ենք մեծ յաջողութիւններու»: