ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը 28 Օգոստոսին պատասխանեց Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի այն յայտարարութեան, թէ այս հանգրուանին, երբ «Թուրքիոյ նախագահը ամէն օր կը հաստատէ իր հակաեւրոպական դիրքորոշում ունեցող համաիսլամիստական օրակարգը», կարելի չէ քննել Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու հարցը։
Միաժամանակ, Մաքրոն աւելցուցած էր, թէ կարելի է Թուրքիոյ հետ ռազմավարական գործընկերութիւն հաստատել, նկատի ունենալով Եւրոպայի ապահովական շահերը։
«Մաքրոնի կողմէ, 27 Օգոստոսին, Փարիզի մէջ կազմակերպուած դեսպաններու հաւաքին ընթացքին Թուրքիոյ մասին հնչեցուցած արտայայտութիւնները ափսոսանքով կ՛ընդունինք», յայտնեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Համի Աքսոյ՝ պնդելով, որ Թուրքիա Եւրոմիութեան պահանջած բարեփոխումներու առումով յատկանշական քայլերու դիմած է։
«Մաքրոնի յայտարարութիւնները ցոյց կու տան, որ ան շատ հեռու է Թուրքիան հասկնալէ», աւելցուց ան։