Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թուրքիա Եւ Իրան «Յարաբերութիւններու Ճամբու Քարտէս»ի Մը Շուրջ Պիտի Բանակցին

November 19, 2021
in Mobile Home, Newsletter, Զանազանք
0

ԹԵՀՐԱՆ, «Ճազիրա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցաւ իրանցի իր պաշտօնակից Հիւսէյն Ամիր Ապտոլլահեանի հետ, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց հետեւեալը. «Իրանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պատմական են: Մենք աշխատանք կը տանինք երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւնները ամրապնդելու»:

Ան թուրք-իրանեան յարաբերութիւններու երկարատեւ ճամբու քարտէսի մը շուրջ դիւանագիտական բանակցութիւններու ձեռնարկելու վերաբերեալ համաձայնութեան գոյացումը յայտարարեց՝ յոյս յայտնելով, որ անիկա կը ստորագրուի Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ Թեհրան այցելութեան ընթացքին:

Ան նաեւ յայտնեց, որ Իրան մտահոգ է մասնաւորաբար Լիբանանի տեղեկատուութեան նախարար Ժորժ Քըրտահիի յայտարարութենէն ետք «Լիբանանի մէջ կարգ մը արաբական դեսպանատուներու վարմունք»ով:

Յիշեցնենք, որ նախարարը քննադատած էր Եմէնի դէմ Ռիատի ռազմական գործողութիւնները։

«Թուրքիա Աֆղանիստանի եւ Սուրիոյ կացութեան զարգացումներուն վերաբերեալ Իրանի հետ համակարգում կը կատարէ։ Անմիջական կարիքը կայ Իրանի դէմ հաստատուած պատժամիջոցները վերցնելու, որպէսզի շրջանին մէջ կայունութիւնը վերականգնի», իր կարգին յայտնեց Չաւուշօղլու՝ աւելցնելով. «Քննարկեցինք նաեւ տարբեր հարցեր, որոնք կը վերաբերին անօրինական գաղթի, մաքսանենգութեան եւ սահմանային հարցերու: Ներկայիս երկու երկիրները կը համագործակցին ո՛չ միայն երկկողմանի հարցերու շուրջ, այլ նաեւ շրջանային, ինչպէս օրինակ՝ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ կայունութեան հարցով, եւ մենք պատրաստ ենք Իրանի հետ համագործակցելու 3+3 ձեւաչափի ծիրին մէջ»:

Previous Post

Երեւանի Մէջ Սկսաւ Եւրասիական Միջկառավարական Խորհուրդի Նեղ Կազմով Հանդիպումը

Next Post

Video clip shot on Cyprus’ ghost town stirs debate

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Գաղութահայ Կեանք
    • Զանազանք
    • Մշակութային
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • Art & Entertainment
    • Health
    • International Press
    • Markets & Economy
    • Science & Technology
    • Social
    • Sports
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.