ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Ռուսիա եւ Թուրքիա համակարծիք չեն Սուրիոյ քրտական զինուած խմբաւորումներուն հարցով, յայտարարեց Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, չինական եւ վիէթնամեան լրատուամիջոցներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին։ «Թուրքիոյ հետ համակարգուած մօտեցում չկայ այն հարցով, թէ ո՛ր քիւրտ զինեալները ահաբեկիչ կարելի է նկատել: Մենք կը հասկնանք Թուրքիոյ մտահոգութիւնները, բայց այնուամենայնիւ, պէտք է տարանջատել հացահատիկը՝ մոլախոտէն եւ հասկնալ, թէ քրտական խմբաւորումներէն որո՛նք իսկապէս վտանգ կը սպառնան Թուրքիոյ ապահովութեան», աւելցուց Լաւրով:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիա ահաբեկչական կը համարէ Սուրիոյ քրտական զինեալ ուժերը՝ պնդելով, որ անոնք պարզապէս մասնաճիւղերն են Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան: