Ժամանակակից Թուրքիա, Հայաստանի նորանկախ հանրապետութենէն կը պահանջէ ճանչնալ Կարսի Համաձայնագիրը: Հայաստան լռութիւն կը պահէ: Անգարայի համոզումով, այդ համաձայնագիրը պիտի ծառայէ Հայաստան- Թուրքիա փոխյարաբերութիւններուն հիմքը: Ինչո՞ւ Հայաստանէն կը պահանջուի ճանչնալ Կարսի Համաձայնագիրը: Ճանչնալ Կարսի Համաձայնագիրը կը նշանակէ առնոազն հրաժարիլ Արեւմտահայաստանի տարածութիւններէն եւ Նախիջեւանէն: Թրքական կողմը երբ նախապայման կը դնէ անոր ճանաչումը, կը նշանակէ թէ Կարսի Համաձայնագիրը խորթ կը մնայ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին համար:
Բայց առ հասարակ ին՞չ կը ներկայացնէ Կարսի Համաձայնագիրը: Խնդրոյ առարկայ համաձայնագիրը կնքուեցաւ մեր ժամանակներէն իննսուն եւ երեք տարիներ առաջ, մօտաւորապէս այս օրերուն՝ 13 Հոկտեմբերին, Կարսի մէջ: Բանակցողներու առաջին կողմը կը ներկայացնէին խորհրդային ընտանիքին համեմատաբար նոր անդամագրուած Հայաստանի, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի եղբայրական հանրապետութիւնները, երկրորդ կողմը՝ Թուրքիան էր: Բանակցութիւններուն հետեւող երրորդ կողմը, մասնակիցի հանգամանքով Խորհրդային Ռուսիան էր: Ի սկզբանէ յայտնենք, թէ «մասնակից» եզրը ինքնին ապացոյց է, որ Խորհրդային Ռուսիա երեւութապէս պիտի չստանձնէր պայմանագիրին մէջ ճշդուած յօդուածներուն գործադրութեան հսկողութիւնը: Բանակցութիւններու սեղան նստելու առաջին իսկ վայրկեանէն, թրքական կողմը պահանջեց անջատ համաձայնութիւններ կնքել անդրկովկասեան երեք պետութիւններուն հետ: Բարեբախտաբար խնդրոյ առարկայ պետութիւնները մերժեցին Թուրքիոյ առաջարկը, պնդելով՝ համատեղ նիստերու եւ ընդհանուր համաձայնագիրի մը վրայ: Թրքական կողմը, լաւ կը հասկնար, որ աւելի դիւրաւ «լեզու» պիտի գտնէր իւրաքանչիւրին հետ առանձին սեղան նստելու պարագային:
Քսան յօդուածներէ բաղկացած Համաձայնագիրին առաջին յօդուածը կը մերժէր ճանչնալ կովկասեան երեք պետութիւններուն եւ այլ պետութեանց միջեւ նախապէս կնքուած բոլոր համաձայնութիւնները, բացի քանի մը ամիս առաջ Մոսկուայի մէջ կնքուած ռուս- թրքական համաձայնութեան յօդուածներէն: Փաստօրէն, առաջին յօդուածը չեղեալ կը նկատէր Ալեքսանտրապոլի եւ…Սեւրի Դաշնագիրին յօդուածները:Առաւել եւս, կողմերը կը մերժէին ճանչնալ «երրրորդ կողմ»ի միջոցով «բռնի» պարտադրուած համաձայնագիրները: Այս յօդուածը ուղղակիօրէն լուսարձակի տակ կ’առնէր Սեւրի Դաշնագիրը եւ ամբողջութեամբ կ’անտեսէր Դաշնակիցներու երաշխիքներով մեր ժողովուրդին վերապահուած իրաւունքները: Կարսի մէջ տեղի ունեցող բանակցութիւններուն ընթացքին, թրքական պատուիրակութիւնը Հայաստանէն յստակօրէն կը պահանջէր հրաժարիլ Սեւրի Դաշնագիրէն: Ան միաժամանակ կը մերժէր Սեւրի մէջ իր ստանձնած յանձնառութիւնները: Սեւրի Դաշնագիրէն հրաժարելէ բացի, Կարսի մէջ, Թուրքիոյ եւ Հայաստանի կառավարութիւնները կը համաձայնէին եղբայրական Ատրպէյճանի կազմին մէջ ինքնավար տարածութիւն ճանչնալ Նախիջեւանը:
Թուրքիա՝ Պաթումի գերիշխանութիւնը կը զիջէր Վրաստանին: Փոխարէնը՝ առանց յատուկ տուրք վճարելու, Պաթումի նաւահանգիստէն ազատօրէն օգտուելու իրաւասութիւն պիտի ստանար:
Թրքական պատուիրակութիւնը կառչելով քանի մը ամիս առաջ Մոսկուայի մէջ խորհրդային իշխանութիւններուն հետ կնքած երկկողմ համաձայնագիրին յօդուածներուն վրայ, Կարսի բանակցութիւններուն ընթացքին, մերժեց որեւէ փոփոխութեան ենթարկել Հայաստանի հետ սահմանագիծը: Ան մերժեց պատմական Անի քաղաքը վերադարձնել Հայաստանին: Միակ հարցը,որուն լուծումին չառարկեց թրքական կողմը՝ Հայաստանի եւ Նախիջեւանի միջեւ սահմանի ճշդումն էր: Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ներկայացուցիչները անոր փոխանցեցին, թէ արդէն զոյգ պետութիւնները եղբայրական պայմաններու մէջ ճշդած էին Նախիջեւանի ճակատագիրը..:
Կարսի Համաձայնագիրը վերահաստատեց Մոսկուայի Համաձայնագիրին դրոյթները,որոնք կ’ոտնահարէին Հայաստանի կենսական շահերը: Սակայն, յանուն պատմութեան, անհրաժեշտ է արձանագրել, որ Անդրկովկասեան երկիրներէն ոչ մէկը, ներառեալ՝ Հայաստանը չվաւերացուց Կարսի Համաձայնագիրը: Զայն վաւերացուց Թուրքիոյ խորհրդարանը եւ Համառուսաստանեան Կեդրոնական Յանձնախումբը: Իրաւականօրէն, վերոյիշեալ կառոյցը արդեօ՞ք ունէր նման լիազօրութիւն: Մեծ հարցական մը…:
Թուրքիա կը մերժէ հրաժարիլ խնդրոյ առարկայ համաձայնագիրէն: Հայաստանի լռութիւնը կը նշանակէ, թէ այլ հարցերու կողքին, սահմանային տարակարծութիւններ գոյութիւն ունին Թուրքիոյ հետ: Իրաւականօրէն, Կարսի Համաձայնագիրը որեւէ պատասխանատուութեան չենթարկեր Հայաստանը: Ճիշդ այս պատճառով, Թուրքիոյ այսօրուան վարչապետ (երէկի արտաքին գործոց նախարար) Ահմէտ Տաւուտօղլու կը շարունակէ պնդել՝ սահմաններու վերաբերեալ երկու միջազգային համաձայնագիրներ գոյութիւն ունին Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ՝ Մոսկուայի եւ Կարսի Համաձայնագիրները: Իսկ ինչո՞ւ ոչ՝ Սեւրի Դաշնագիրը…:
Առաջին համաշխարհային պատերազմի ընթացքին Ցեղասպանութիւն կազմակերպած Թուրքիան, միջազգային ընտանիքին կողմէ հաշուետուութեան ենթարկուելու փոխարէն՝ օգտուելով մեծ պետութիւններու միջեւ տիրող հակասութիւններէն եւ սիրաբանութեան մէջ մտնելով պոլշեւիկեան Ռուսիոյ հետ՝ ոչ միայն խուսափեցաւ պատիժէն,այլեւ չվերադարձուց Սեւրի դաշնագիրով նախատեսուած հայկական հողերը, մնացեալ իրաւունքները: Ան, Ալեքսանտրապոլի, Մոսկուայի եւ Կարսի համաձայնագիրներուն շնորհիւ յաւելեալ հողամասեր իւրացուց Արեւելահայաստանէն: Թուրքերը գրաւեցին Սուրմալուն եւ Նախիջեւանը: Սուրմալուն պահեցին: Նախիջեւանը յանձնեցին Ատրպէյճանին:
Կարսի Համաձայնագիրին հայավնաս հետեւանքներէն մէկն ալ այն էր,որ Դաշնակից պետութիւնները աւելի դիւրաւ տեղի տուին Սեւրի Համաձայնագիրին յօդուածները վերանայելու Թուրքիոյ պնդումներուն:Հայաստանի լռութիւնը Կարսի Համաձայնագիրին հանդէպ, կը նշանակէ որ այսօրուան մեր պետականութիւնը չի ճանչնար Թուրքիոյ հետ գործող սահմանագիծը: Այս մէկը արդար եւ բնական իրաւունք է:
Հայաստանի հանրապետութիւնը եւ համայն հայ ժողովուրդը իրենց տրամադրութեան տակ ունին քաղաքական,իրաւական բաւարար հիմք եւ փաստ՝ միջազգային ատեաններ բարձրացնելու Կարսի համաձայնագիրին օրինականութեան հարցը, զայն անվաւեր ճանչնալու եւ պահանջելու մեր բռնագրաւուած հողերը:
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ