ՊԱՂՏԱՏ, «Ռոյթըրզ».- Պաղտատի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը յայտարարեց, որ Մարտ 21ին իր երկիրը Իրաքի հետ սահմանին վրայ ձեռնարկած է զինուորական գործողութիւններու՝ սահմանը «ահաբեկչական թաքստոցներէ մաքրելու» համար: Այդ գործողութեան ձեռնարկուած է՝ գործակցութեամբ Իրաքի կառավարութեան:
Իր կարգին, Իրաքի արդարադատութեան նախարարը նշեց, որ իր կառավարութիւնը «բարի կամեցողութիւն ցուցաբերած է»՝ ապահովելով հասարակաց սահմանին վրայ թրքական բոլոր պահանջները:
Նշենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան մէկ օր առաջ նշած էր, թէ իր երկիրը հիւսիսային Իրաքի Սինճար գաւառին մէջ կրնայ շղթայազերծել զինուորական գործողութիւն մը՝ այդ շրջանը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներէն ձերբազատելու համար: Իր կարգին, Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտնած էր, թէ Թուրքիա, անհրաժեշտութեան պարագային, հիւսիսային Իրաքի մէջ զինուորական գործողութեան մը պիտի ձեռնարկէ: