ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ խորհրդարանը Չորեքշաբթի օր որդեգրեց նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի մէկ օր առաջ խորհրդարանին յղած նախագիծը, որ Ատրպէյճանի մէջ թրքական ուժերու առաքելութիւնը կ՛երկարաձգէ մէկ տարիով: Անցեալ տարի խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած առաքելութեան ժամկէտը պիտի աւարտէր 17 Նոյմեբերին։
Օրէնքին մէջ նշուած է նաեւ Ակնայի մէջ (Աղտամ) ռուս-թրքական միացեալ հսկողութեան կեդրոնի գործունէութեան շարունակութեան կարեւորութիւնը՝ ընդգծելով, որ անիկա «իր ներդրումը կ՛ունենայ ապահովութեան եւ կողմերուն միջեւ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման գործին մէջ»: