Թուրքիոյ պաշտպանական արդիւնաբերութեան վարչութեան տնօրէն Իսմայիլ Տեմիր երէկ յայտարարեց, որ թրքական «Պայրաքտար» անօդաչու սարքերու մատակարարումները Ուքրանիոյ կապուած չեն Մոսկուայի եւ Քիեւի միջեւ լարուածութեան հետ:
«Մենք Ուքրանիոյ ծախած ենք անօդաչու թռչող սարքերու որոշ քանակ մը: Այնպէս չէ, որ մենք ներկայիս անօդաչու թռչող սարքեր կը ծախենք, երբ լարուածութիւն կը նկատուի Ռուսիոյ հետ: Այդ քանակին մասին նախապէս եղած են համաձայնութիւններ: Ուքրանիա ունեցած է որոշակի արտադրական եւ ներդրումային նախագիծեր: Ատիկա կապուած չէ վերջին իրադարձութիւններուն հետ: Պէտք չէ կարծիք ձեւաւորուի, որ Թուրքիա Ուքրանիոյ անօդաչու թռչող սարքեր կ՛ուղարկէ Ռուսիոյ հետ լարուածութեան պատճառով», ըսաւ Տեմիր: