ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս»․- Թուրքիա պէտք է ընդունի Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ Արցախի զինադադարի մասին յայտարարութեան ստորագրումը, հակառակ պարագային, Եւրոպական Միութիւնը կրնայ յաւելեալ պատժամիջոցնէր կիրառել Անգարայի դէմ, յայտարարեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան:
Նախարարը յստակացուց, որ Դեկտեմբերին Եւրոպական Միութեան երկիրները իրենց հերթական գագաթնաժողովին պիտի քննարկեն նաեւ Թուրքիոյ յարձակողապաշտ կեցուածքը:
«Եւրոպական Միութիւնը արդէն որոշած է, որ եթէ Թուրքիա չփոխէ վարքագիծը, անոր դէմ քայլեր եւ պատժամիջոցներ պիտի որդեգրուին», ընդգծեց Լը Տրիան: