ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Ռոյթըրզ»․- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտարարեց, որ 7 Ապրիլին ի զօրու դարձան Թուրքիոյ Պաշտպանութեան ճարտարարուեստներու վարչութեան եւ ու անոր չորս բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն, ներառեալ՝ նախագահ Իսմայիլ Տեմիրին եւ անոր տեղակալին դէմ պատժամիջոցները, Ռուսիայէն հակաօդայիններ գնելու որոշումին պատճառով։
Ըստ այդ պատժամիջոցներուն՝ վերոյիշեալ պաշտօնեաներուն պիտի արգիլուի մուտք գործել Ամերիկա եւ Ամերիկայի հակակշիռին տակ գտնուող անոնց ունեցուածքները պիտի սառեցուին: Նաեւ, նշեալ վարչութիւնը պիտի չկարենայ ամերիկեան զէնքեր ներածել եւ վարկեր ստանալ ամերիկեան եւ շարք մը միջազգային հաստատութիւններէ: