Վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին Թուրքիոյ հետ լարուածութիւնը մեղմացած է, սակայն եւրոպական երկիրները պիտի շարունակեն զգուշ ըլլալ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն:
«Վերջին շաբաթներուն լարուածութիւնը մեղմացած է: Մենք պիտի շարունակենք զգօն ըլլալ ամրան ընթացքին, բայց նաեւ դարձեալ պիտի մասնակցինք միացեալ աշխատանքին», ըսած է Մաքրոն:
Յիշեցնենք, որ վերջին ամիսներուն թուրք-ֆրանսական յարաբերութիւններուն մէջ զգալի լարուած վիճակ կը տիրէր: