«Գոհունակութեամբ վերահասու կ՛ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի մտաւորականներէն Սօսի Անթիքաճեանի գիրքը այս օրերուն լոյս տեսած է «Իլեթիշիմ» հրատարակչութենէն: «Gecmisimden Sesler ve Renkler» («Անցեալէս Ձայներ Եւ Գոյներ») խորագրեալ այս գիրքին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ իր ընտանիքի շուրջ 150 տարուան պատմութիւնն ու յիշողութիւնը», կը գրէ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթը:
Պօղազիչի համալսարանի դասախօս, լեզուաբան Սօսի Անթիքաճեան դուստրն է «Ժամանակ» օրաթերթի երբեմնի առանցքային ու երախտաշատ աշխատակիցներէն Արա Ակինեանի: «Նկատի ունենալով, որ իր ընտանեկան յուշերուն մէջ այդ երեսակը կարեւոր բաժին մը կը բնորոշէ՝ ան այս առաւօտ բարի եղաւ հեռաձայնով մեզի տեղեկացնել, որ «Իլեթիշիմ» հրատարակչութիւնը լոյս ընծայած է այս գործը: Գիրքին հրատարակութիւնը տակաւին այնքան նոր է, որ հրատարակչութիւնը նոյնիսկ չէ սկսած ցրուելու: Որպէս հեղինակ Սօսի Անթիքաճեանին հասած է օրինակ մը եւ ան ալ անմիջապէս փափաքած էր տեղեակ պահել մեզ: Տակաւին գիրքը չենք շօշափած, սակայն կողքի արձանագրութիւնները կու տան տարրական պատկերացում մը: Սօսի Անթիքաճեանի կեանքի պատմութեան մէջ անշուշտ կայ «հայ ըլլալու» հանգամանքը՝ Խրիմի վերաբերեալ յիշողութիւններով: Ան տոհմածառի ճիւղերուն վրայ պտոյտ մը կը կատարէ՝ ներկայացնելով Թուրքիոյ մէջ հայոց մնացորդացի շրջանային ու դասակարգային զանազանութիւններէն կտրուածքներ: Հեղինակը 1940ականներէն մինչեւ այսօր կը ներկայացնէ իր ընտանիքին պատմութիւնը՝ ընթացքին հասնելով մինչեւ 1910ական թուականները եւ աւելի վաղ ժամանակաշրջանները: Իր գիրքին մէջ զգալի են Թուրքիոյ զանազան ժամանակաշրջաններու ոգին ու մթնոլորտը: Սօսի Անթիքաճեանի յուշերը զուգորդուած են փորձառութիւններով ու դիտարկումներով: Սա ընտանիքի մը ոդիսականն է սկսելով Անատոլուէն, Թրակիայէն եւ Իսթանպուլէն, մինչեւ Շիշլի, Մեծ կղզի եւ Պողազիչի համալսարան», կը պատմէ «Ժամանակ»ը՝ աւելցնելով. «Տոքթ. Սօսի Անթիքաճեանի գիրքը ատեն-ատեն յուզումի ալ դուռ կը բանայ յաչս ընթերցողին, սակայն երբեք չի հրաժարիր երջանիկ ըլլալու ջանքերէն: Ան այդ բոլորը պատմած է նուրբ ձեւով, լեզուական վարպետութիւններով, որոնք կեանքի իր պատմութիւնը եզակի կը դարձնեն բոլոր անոնց համար, որոնք կը ջանան հետաքրքրութիւն եւ սէր դրսեւորել»:
Սօսի Անթիքաճեան նշած է, որ իր անմիջական շրջանակին հետ թէեւ հարց մը չէ ունեցած, սակայն փողոցի շարքային մարդոցմէ եւ մետիայէն յաճախ լսած է խօսքեր, որոնք կը վարկաբեկեն հայերը: Եւ այդ բոլորը կը շարունակէ լսել: «Երկրագունդի վրայ իբրեւ միակ հայրենիք գիտեմ այս երկիրը, ուր դիւրին չէ ապրիլ որպէս փոքրամասնութիւն մը, որուն անունը յաճախ կ՛օգտագործուի որպէս հայհոյանք եւ որ երբեմն ալ կ՛ընկալուի իբրեւ թշնամի», կը նշէ Սօսի Անթիքաճեան եւ կ՛ընդգծէ, որ զանազան երկիրներ ու քաղաքներ տեսնելը որքան ալ հաճելի ըլլայ, ինք երբեք չէ փափաքած Պոլիսէն դուրս տեղ մը ապրիլ: