Թուրքիոյ երաժշտական խանութներու վաճառասեղաններուն վրայ յայտնուած է «Երգարան. Կոմիտաս վարդապետի հայերէն, քրտերէն եւ թրքերէն հաւաքածոներէն մշակումներ» անունը կրող ալպոմ մը:
«Ակօս» թերթի փոխանցմամբ, ալպոմին պատրաստութեան մէջ ներդրում ունեցած են Արամ Քերովբեան, Մուրատ Այտեմիրը, Արա Դինքջեանը, Մուրատ Իչինալչան, Աշուղ Պինկիոլը եւ այլ երաժիշտներ:
Ալպոմին մէջ տեղադրուած է նաեւ հայերէն, քրտերէն,թրքերէն լեզուներով գրքոյկ մը՝ Կոմիտասի կեանքին մասին եւ լուսանկարներ: Մինչեւ օրս անտիպ եւ երաժշտական ձեւաւորումէ զրկուած Կոմիտասի ստեղծագործութիւններուն փոքրիկ մէկ հատուածը մշակելու եւ ալպոմի տեսքով ներկայացնելու գործը նախաձեռնած են Արի Հերկելը եւ Պուրճու Եըտըզը: