2018 Յունուար ամսուան ընթացքին, Թուրքիոյ մէջ սպաննուած է 28 կին: Թրքական «Sozcu» թերթի կայքին տեղեկութիւններով՝ այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, յայտնի դարձած է «Դադրեցնենք կիներուն դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները» հարթակի հրապարակած տուեալներէն:
Սպանութեան դէպքերէն չորսը տեղի ունեցած են Սթամպուլի մէջ, երկուքը Պուրսայի, երկուքը` Գազինաթեփի: Յայտնի է, որ կիներէն 18-ը սպաննուած են իրենց տուներուն մէջ, մէկը` հիւանդանոցի, մէկը` ինքնաշարժի մէջ, մէկը` գետի, մէկը` ծովափին, մէկը` այգիի մէջ, մէկը` փողոցը, եւս չորս կնոջ սպանութեան հանգամանքները դեռ յայտնի չեն: Կիները, մեծ մասամբ, սպաննուած են իրենց ամուսինի, հօր, որդիի, ընկերոջ կամ նախկին ամուսինի կողմէ:
2018 »Յունուարին բացայայտուած է փոքրիկներու շահագործման 147 դէպք, 25 կին ենթարկուած է սեռական բռնութեան: Նոյն ամսուն, Սթամպուլի Սուլթան Սուլէյման հիւանդանոցին մէջ արձանագրուած է անչափահասներու յղիութեան 115 դէպք, որոնց մասին բժշկական աշխատողները չեն տեղեկացուցած համապատասխան մարմիններուն:
Միեւնոյն ժամանակ նկատուած է, որ 2017-ի վերջին ամիսներուն համեմատ՝ կանանց դէմ ուղղուած բռնութիւններն ու յանցագործութիւնները որոշակիօրէն նուազած են, որ կապուած է այս յանցագործութիւններուն հասարակութեան աւելի խիստ արձագանգներով եւ բողոքի ցոյցերով: Երբեմն հասարակական վայրերու մէջ տղամարդոց կողմէ կանանց ուղղուած բռնութեան դէպքերը կը նկարահանուին ու կը հրապարակուին հասարակական ցանցերու մէջ, որ նոյնպէս որոշ չափով զսպող նշանակութիւն կ՝ունենայ:
Հրապարակուած զեկոյցի մը համաձայն` 2007-2015 թուականներուն, ամուսինի պահանջով աշխատանքէ հեռացած կիներուն թիւը կրկնակի նուազած է: 2007-ին տղամարդոց պահանջով աշխատանքէ հեռացած էր 1,200,000 կին, 2015-ին այդ ցուցանիշը կազմած է 588,000: