ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ
– Մեծ բացական.- Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան նախագահ, վարչապետ Ահմէտ Տաւութօղլուն է: Թուրքիոյ համար յաջող արտաքին գործոց նախարարը, փաստօրէն, որպէս վարչապետ ձախողեցաւ: Յիշեցնենք, որ ասիկա կուսակցապետ եւ վարչպետ Տաւութօղլուի առաջին քննութիւնն էր, առաջին ընտրութիւնը: Տաւութօղլու միշտ նախագահ Էրտողանի շուքին մէջ եղած է, այնքան, որ շատեր կը մոռնան կուսակցապետի անոր հանգամանքը:
– Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում Կուսակցութիւնգ- 2002էն ի վեր իւրաքանչիւր ընտրութեան իր քուէները աւելցուցած կուսակցութիւնը այս անգամ թէ՛ Թուրքիոյ տարածքին եւ թէ իւրաքանչիւր նահանգի մէջ քուէ կորսնցուց: Այս ընտրութեան արդիւնքներու լոյսին տակ համախոհական կառավարութիւն, կամ «փոքրամասնական կառավարութիւն» կազմելու պարտաւորութեան դիմաց է:
– Նախագահ Էրտողանի նախագահական համակարգ հաստատելու հեռանկարը չափազանց դժուար ուղի մտաւ: Խորհրդարանական բաւարար մեծամասնութիւն չունենալով, այդ նպատակին հասնելու համար այլընտրանքը հանրաքուէն է: Էրտողան պիտի դիմէ՞ այս արկածախնդրութեան:
– Քրտական գործօնը.- HDPն իսկական անակնկալ էր: Խորհրդարան մտնել-չմտնելու կասկածները փարատելէն անդին անցնելով, Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը, 79 երեսփոխաններով, որոշիչ դեր ունի այլեւս: Բաղդատելու համար նշենք, որ Ազգայնական Շարժում կուսակցութիւնը 81 երեսփոխան ունի նոյն խորհրդարանին մէջ: Այստեղ կ՛արժէ յիշեցնել, որ այս կուսակցութիւնը 6 փոքր կուսակցութիւններու միացումով կազմուած է եւ երկու համանախագահներ ունի: Թերեւս կուսակցութեան սպասուող փորձութիւններէն մէկը այս միութեան պահպանումը պիտի ըլլայ:
– Քիւրտերը նոր եւ փայլուն առաջնորդ մը ունեցան: Սէլահէտտին Տէմիրթաշի խիզախ, արագ, կտրուկ եւ վճռական կեցուածքները այս շարժման անդամներուն վրայ դրական ազդեցութիւն կը ձգէ:
– Ֆէթուլլահ Կիւլէնի ուրուականը այս ընտրութեան ներկայ էր: Թէեւ Կիւլէնական շարժումը Էրտողանի (եւ անոր մօտիկներու) թիրախն է, սակայն ուշադիր հետեւողը կը նկատէ, որ Կիւլէնի շարժումը նոյնիսկ Արդարութիւն եւ Բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ դեռ մեծաթիւ համակիրներ ունի:
– Ընտրութեան արդիւնքներու քարտէսին նայելով կրնանք ըսել, որ Թուրքիոյ Արեւմուտքը Հանրապետական-ժողովրդավարական է, Արեւելքը՝ քրտական, երկուքին միջեւ՝ արդարութիւն եւ բար•աւաճում գաղափարի հետեւորդ է, իսկ ազգայնական Շարժում կուսակցութիւնը միայն մէկ նահանգի մէջ տիրական է:
– Քուէները Յստակացան.- աւելի ճշգրիտ՝ քուէները իսկական տէրերը գտան. օրինակ, Ժողովրդային Հանրապետական կուսակցութեան կորսնցուցած քուէները անցան քիւրտերուն: Գաղտնիք չէ, որ մեծ քաղաքներուն մէջ քիւրտերը յաճախ այս կուսակցութեան կը քուէարկէին: Թուրքիոյ արեւելեան շրջաններուն մէջ եւս քիւրտերը սկսան իրենց քուէներուն տէր դառնալ: Յաճախ զուտ կրօնական մղումներով AKPին հակող քիւրտերը այս անգամ աւելի կտրուկ արտայայտուեցան: Թերեւս պատճառը աշխարհագրական այս տարածքին մէջ զգալիօրէն զարթնած քրտական ինքնավարութիւնն է:
– Նոր խորհրդարանը 3 հայ պատգամաւոր ունի: Ցեղասպանութեան հարցով հայկական աւանդական ակնկալութիւնները մէկդի պէտք է դնել եւ հիմա պէտք է շա՜տ զգոյշ ըլլալ, որպէսզի թուրքերը «ընտրուած թրքահայու» խաղաքարտը չխաղան Սփիւռքի եւ Հայաստանի հետ…