Yerepouni Daily News
No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية
No Result
View All Result
Yerepouni Daily News
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Սուրիա Ներխուժումին Պատճառած Զոհերուն Թիւը Զգալիօրէն Կ՛աճի

October 12, 2019
in Mobile Home, Newsletter, Հայերէն Լուրեր
0
‘Betrayal leaves a bitter taste’: spurned Kurds flee Turkish onslaught

ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒՆ ԹԻՒԸ 100,000Ի ԿԸ ՀԱՍՆԻ

ԱՔՉԱՔԱԼԷ, «Ռոյթըրզ».- 11 հոկտեմբերին, մինչ հիւսիսային Սուրիա ներխուժած թրքական ուժերը կը փորձէին գրաւել Ռաս ուլ Այնը եւ Թել Ապիատը ու կը ռմբակոծէին շրջանի գիւղերը, տարածքի բնակիչներուն արտահոսքը արագացաւ եւ զոհերուն թիւը զգալիօրէն աճեցաւ։

Արդարեւ, ՄԱԿ-ի տուեալներուն համաձայն՝ արդէն 100.000 քաղաքայիններ տեղահան եղած են, սակայն զոհերուն մասին տուալները յստակ չեն։

Մինչ թրքական կողմը կը խօսի առաւել քան 300 քիւրտ զինեալներ սպաննած ըլլալուն մասին, տեղական աղբիւրներ կը հաղորդեն, թէ քանի մը տասնեակ քաղաքայիններու կողքին սպաննուած են 29 քիւրտ զինեալներ եւ թրքական բանակին կողքին կռուող 17 սուրիացի զինեալներ։

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, թէ ցարդ երկու թուրք զինուորներ սպաննուած են։

Նաեւ, իբրեւ հակադարձութիւն Թուրքիոյ վրայ կատարուած յարձակումներուն ընթացքին սպաննուած են առնուազն 7 քաղաքայիններ եւ վիրաւորուած 69 ուրիշներ, Ուրֆայի եւ Մարտինի մէջ։

Աւելի ուշ, ականուած ինքնաշարժի մը պայթումը Սուրիոյ իշխանութեանց հակակշիռին տակ գտնուող Գամիշլիի մէջ պատճառ դարձաւ երեք քաղաքայիններու սպանութեան։

Միւս կողմէ, «Երկիր»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին, Իրաքի պատմաբաններու միութեան նախագահ դոկտ. Ճաւատ Քարմօ Պէյրանի, մեկնաբանելով Թուրքիոյ ռազմական ներխուժումը՝ ըսաւ, որ Թուրքիա տարիներէ ի վեր մտադիր է գրաւել Իրաքի Մոսուլ եւ Սուրիոյ Հալէպ քաղաքները՝ պնդելով, որ անոնք թրքական հողեր են։

Ան աւելցուց, որ քիւրտերը պատրաստ են ինքնապաշտպանութեան եւ այդ շարժումը կրնայ տարածուիլ մինչեւ հարաւային Թուրքիոյ քրտաշատ շրջանները՝ եզրակացնելով. «Թուրքիա այս քայլին դիմեց իր ներքին հարցերէն հանրութեան ուշադրութիւնը շեղելու համար. ներքին տագնապէն դուրս գալու համար, Անգարա հարուածներ կը հասցնէ դրացի երկիրներուն»։

Մինչ այդ, Հոլանտայի իշխանութիւնները յայտարարեցին, թէ որոշած են սառեցնել Թուրքիոյ խոստացուած բոլոր ռազմական արտածումները։

Նաեւ, Անգարայի իշխանութիւննեը վերջին քանի մը օրերուն, Թուրքիոյ ներխուժումը քննադատած առաւել քան 100 քաղաքացիներ ձերբակալեցին։

Previous Post

«Ալիեւի Խօսքերն Անարգալից Են Հայ Ժողովրդի Եւ ԱՊՀ Երկրների Ղեկավարների Նկատմամբ». Փաշինեան

Next Post

Արատ Տինք Անպարտ Հռչակուեցաւ

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • About Us
  • Contact Us

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.

No Result
View All Result
  • Հայերէն Լուրեր
  • Յօդուածներ
  • Հարցազրոյցներ
  • Մարզական
  • Այլազան
    • Զանազանք
    • Մշակութային
    • Գաղութահայ Կեանք
  • Արեւելահայերէն Լուրեր
  • English
    • World News
      • Africa
      • America
      • Asia
      • Australia
      • Europe
      • Middle East
    • Markets & Economy
    • International Press
    • Health
    • Social
    • Sports
    • Art & Entertainment
    • Science & Technology
  • أخبار باللغة العربية

© 2021 Yerepouni News - Website by Alienative.net.