Յարութիւն Իսկահատեան
Մինչեւ օրս, թրքական պաշտօնական կեցուածքը Հայոց Ցեղասպանութեան նկատմամբ ժխտողական է: Թուրքերը չեն խոստովանիր իրենց գործած մեծագոյն ոճիրը, հետեւաբար՝ չեն ընդունիր անոր կանխամտածուած բնոյթն ու իրենց գլխաւոր պատասխանատուութիւնը այդ յանցագործութեան համար:
Սակայն, Ա. համաշխարհային պատերազմի աւարտին, 1919-1920-ին, Օսմանեան Պետութիւնը փաստօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը` անոր պատասխանատուները դատելու գործընթաց սկսելով: Արդարեւ, սուլթան Մեհմետ Զ. Վահտէտտինի հրամանով, Կ. Պոլսոյ մէջ հիմնուեցան ռազմական ատեաններ, որոնք հայեր ջարդած պետական պաշտօնեաներ սկսան դատել: Երեք թուրք հայասպան պաշտօնեաներ կախաղան հանուեցան: Սակայն, արդարադատութեան հոլովոյթը կարճ ժամանակ ետք կանգ առաւ: Արեւմուտքը, մանաւանդ Մեծն Բրիտանիան, Մուսթաֆա Քեմալին նեցուկ եւ օգնութիւն փութացուց` իր տնտեսական եւ քաղաքական շահերէն մեկնած: Եւրոպացիք եւ համայնավար ռուսերը ամէն կերպ դարպասեցին մահաքունի մէջ յայտնուած թուրքը ու ամէն տեսակ օգնութիւն հասցուցին Քեմալին` քանդուած երկիրը վերաշինելու եւ Թրքական Հանրապետութիւնը հիմնելու անոր ծրագիրներուն` այդ գործառքներուն մէջ կրկին անիրաւելով հայերը: Եւրոպա նոր ոգի եւ մեծ մղում հաղորդեց Մուսթաֆա Քեմալի համաթրքական-ցեղամոլական ծրագիրներուն:
Այդ օրերուն իսկ շատեր կը յայտարարէին, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան համար թուրք ժողովուրդը պատասխանատու չէր, այլ` կը ծանրանային քաղաքական կուսակցութեան մը` Իթթիհատի Կոմիտէին ու անկէ բխած կառավարութեան մեղաւորութեան վրայ: Թուրքիոյ առաջնորդներն ալ կ’ապաւինէին այս քարոզչութեան` գրեթէ ամբողջովին կործանած Օսմանեան Պետութեան մնացորդները փրկելու ուրիշ ճար չունենալով: Գտնուեցան ոչ-թուրքեր ալ, որոնք նոյն վերապահութիւնը մէջտեղ կը նետէին նենգաբար եւ ամբողջ յանցանքը կը դնէին գոյութենէ դադրած Իթթիհատ վէ Թերաքքի կուսակցութեան վրայ: Վերջին տասնամեակներու պատմութիւնը խեղաթիւրող այդ մարդիկ կը յայտարարէին, թէ հայկական կոտորած ըսուածները միայն տասը տարի առաջ, այսինքն Երիտասարդ Թուրքերու իշխանութեան տարիներուն սկսած են: Անոնք կը մոռնային կամ մոռնալ կը ձեւանային հայոց դարաւոր, մասնաւորաբար 1894-1896-ի ապտիւլհամիտեան կոտորածները, հելլէնական ջարդերը, սերպական, պուլկարական կոտորածներն ու Սուրիա-Լիբանանի ժողովուրդին կազմակերպուած սովամահութիւնը:
Այս մասին Արամ Անտոնեան կը գրէ. «Ասոնք ո՞վ ըրաւ: Ո՞վ ըրաւ տակաւին այն բոլոր ջարդերը որոնք օսմանեան պատմութեան իւրաքանչիւր էջը կ’արիւնոտեն»: Անտոնեան կ’ընէ կարեւոր հաստատում մը, որ այսօր եւս այժմէական է եւ ուսանելի դաս կը պարունակէ հայ-թրքական այսպէս կոչուած հաշտեցման հայազգի մունետիկներուն համար. «Թուրք անունով ծանօթ ժողովուրդը տեսակ մը ջարդի մեքենայ է որ անողոք ու կամակոր հլութեամբ մը իր բարբարոս պաշտօնը կը կատարէ, ո՛վ որ ըլլայ զինքը վարող մեքնավարը: Այս անգամ իթթիհատականներն էին (քրիստոնեաներուն տնտեսական յառաջդիմութիւնը կասեցնելու համար, անոր աշխատանքի պտուղը խլելու, այսպիսով Իթթիհատը ուզած էր տեսակ մը հաւասարութիւն ստեղծել թուրքերու եւ քրիստոնեաներու միջեւ իր հասկացողութեան համեմատ). անոնցմէ առաջ՝ Ապտիւլ Համիտն էր, անկէ առաջ՝ Մահմուտ Բ.ը եւ անկէ առաջ ալ միւս բոլոր սուլթանները, գրեթէ ամէնքն ալ: Եւ մեքենան՝ թուրք ժողովուրդը՝ այս բոլոր մեքենավարներուն ձեռքին տակ միշտ նոյնը մնաց, անոնց ամենուն ալ հնազանդեցաւ հաւասարապէս (եւ կամաւոր – Յ. Ի.) հլութեամբ » (էջ 236):
Արամ Անտոնեան կ’ըսէ թէ հայոց ցեղասպանութեան եւ մանաւանդ Մեծ Եղեռնի տարիներուն մէկ ու կէս միլիոն հայերու կեանքը խլելու համար թուրք ժողովուրդը հաւասարապէս յանցաւոր է կառավարութեան հետ միասին: Անտոնեան իր հաստատումը կ’ամրագրէ փաստերով, աւելցնելով թէ եղան վայրեր, ուր թուրք ժողովուրդը նոյնիսկ «սրբագրեց» կառավարութեան «բացթողումները» եւ լրացուց անոր կէս ձգած գործը. «Երբ Հիւսնի Մանսուրի (բերդաքաղաք պատմական Փոքր Հայքի մէջ, կը կոչուի նաեւ Ատըեաման. տե՛ս Թադիկ Յակոբեան, Ստեփան Մելիք-Բախշեան, Յովհաննէս Բարսեղեան, «Հայաստանի եւ Յարակից Շրջանների Տեղանունների Բառարան», Երեւանի Համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1991, Գ. Հատոր, էջ 419) հայերը կը քշուէին, իսլամ ժողովուրդը նեղացաւ որ այդ տարագրումը կը կատարուի առանց սովորական չարչարանքներուն, առանց կիներու եւ աղջիկներու յափշտակութեան, առանց մանուկներու սպանդին – ինչպէս կը կատարուին միւս նահանգներուն մէջ – եւ իսկոյն, ձի հեծնելով, սուրացին հասան կարաւանին, կեցուցին զայն, զատեցին այրերը, նահատակեցին ամենազարհուրելի տանջանքներով, խեղդեցին մանուկները, եւ կիներն ու աղջիկները նոյնիսկ տեղւոյն վրայ իրարու մէջ բաժնելով` քշեցին տարին»: Արամ Անտոնեան կը շեշտէ այն իրողութիւնը, թէ թուրքերը Իթթիհատի հրահանգը ստանալէն ալ առաջ կը կոտորէին հայերը եւ կ’աւելցնէ. «Իթթիհատէն առաջ միւս բոլոր սուլթանները, այսինքն մեքենավարները, գրեթէ բոլորն ալ կոտորեցին հայերը: Եւ մեքենան՝ թուրք ժողովուրդը՝ այս բոլոր մեքենավարներուն ձեռքին տակ միշտ նոյնը մնաց` անոնց ամենուն հնազանդելու հաւասար հլութեամբ» (էջ 237):
Այնքան ատեն որ Օսմանեան Պետութիւն մը գոյութիւն ունեցած է քրիստոնեայ եւ մանաւանդ հայ հպատակներով, թուրք ժողովուրդը կամաւոր եւ հլու ծառայած է խալիֆա կամ սուլթան կոչուող այդ ոճրագործ մեքենավարին: Թուրք տարրը այս ջարդերը անհրաժեշտ կը սեպէր` քրիստոնեայ կեաւուրին վրայ իր տիրապետութիւնը պահելու համար, մանաւանդ որ քրիստոնեաները քաղաքակրթական բոլոր մարզերուն մէջ կը գերազանցէին իսլամ թուրքերը եւ ամէն ասպարէզի մէջ առաջաւոր դիրք ունէին:
Բոլոր նահանգներուն մէջ, գիւղաբնակ հայերը կոտորուեցան իրենց դրացի թուրքերուն եւ քիւրտերուն կողմէ: Կառավարութիւնը առանձինն պիտի չկարենար իր ստեղծած ու կազմակերպած ջարդարարներու խումբերով գլուխ հանել իր ծրագրած ոճիրները միլիոնաւոր հայոց դէմ: Ան ի՞նչպէս պիտի կարենար հազարաւոր գիւղեր բնաջինջ ընել: Հարկ է յատուկ շեշտել, թէ թուրք կիները, աղջիկներն ու պատանիները այրերուն կ’օգնէին հայեր կոտորելու «սուրբ» գործին մէջ: Մինչ ոստիկանները բանտերուն մէջ հայ մտաւորականներն ու ականաւոր մարդիկը կը չարչարէին, թրքուհիներն ու քրտուհիները իրենց տուներուն մէջ գիշերները մինչեւ առտու ճպոտներ կը թրջէին, որպէսզի անոնք աւելի տոկուն դառնան: Ամէն տեղ, աւելի գազանացած այս էգերը որոշակի կշռոյթի նուագածութեամբ եւ հեգնանքով կ’երգէին ու կը պարէին` ուրախութեամբ քաջալերելով խոշտանգողները. «Զարկէ՛ք, ոյժով զարկէ՛ք, եթէ փայտերը կոտրին` ահա՛ ձեզի նորեր բերած ենք»:
Արամ Անտոնեան երեւան կը հանէ Հալէպի Գաղթականներու Տեսչութեան նախկին գլխաւոր քարտուղար Նաիմ պէյի փաստաթուղթերէն մէկը, որ ցոյց կու տայ թէ թուրք ժողովուրդը ինչպէ՛ս իր գործօն մասնակցութիւնը բերած է հայեր կոտորելու մէջ. երբ Մարաշի եւ Այնթապի հայոց բռնագաղթը կ’ուշանայ, տեղւոյն թուրք բնակիչները Կ. Պոլիս կը հեռագրեն ու հանրագրութիւններ կը ղրկեն պահանջելով փութացնել հայոց տեղահանութիւնը: Ասոր վրայ, կառավարութիւնը այդ քաղաքներուն հայերը անյապաղ կը տեղահանէ բազում չարչարանքներ պատճառելով աքսորականներուն: Մարդկային տեսքով, սակայն էութեամբ հրէշ թուրքը, պետական պաշտօնեայ թէ վեզիր, զինուորական թէ հասարակ գիւղացի, հայուն տառապանքէն անասնական հաճոյք կը ստանար:
Ակներեւ իրողութիւն է թէ Ատըեամանի եւ Տերսիմի մէջ կային իսլամներ, որոնք Ապտիւլ Համիտ Բ.ի օրերուն կատարուած կոտորածներուն չէին մասնակցած, նոյնիսկ պաշտպանած էին իրենց դրացի հայերը: Սակայն, Մեծ Եղեռնի սկիզբին` 1915-ի գարնան, անոնք մեծ խանդավառութեամբ ընդգրկուեցան այս ծրագիրին եւ ձեռք-ձեռքի տուին Իթթիհատի հետ: Այս մասին Արամ Անտոնեան կը գրէ. «Իթթիհատը իր թոյնը մինչեւ այդ խաւերը տարածած էր, յաջողած էր ամէնուն մէջ ալ արծարծել ջարդի եւ թալանի բնազդը»:
Եւ վերջապէս, Նաիմ պէյ անխուսափելի ճշմարտութիւն մը լիահագագ կը հնչեցնէ` վկայելով.
«Պատերազմը հազիւ սկսած, արդէն անզօր եղող Թուրքիոյ մէջ ծայր տուին անօթութիւնն ու թշուառութիւնը: Այս թշուառները խաբել, կշտացնել էր պէտք, եւ այն ալ՝ հայոց թողելիք ապրանքներով ու դրամներով կրնային իրականացնել… Այս զբաղմունքը թուրք ժողովուրդին ամէն բան մոռցնել կու տար: Հայաստանէն, Կիլիկիայէն եւ Արեւմտեան Անատոլուէէն բացի, Հիւսիսային Սուրիան եւ Միջագետքն ալ պէտք էր զբաղցնել: Դարերու ընթացքին պատուաբեր ջանքերով շահուած հայոց ահագին հարստութիւնը իր ամբողջ շքեղութեամբ եւ մեծութեամբ կորեր էր: Ինչ որ կը մնար՝ պիտի կորէր այդ անապատներուն մէջ, որոնց ժողովուրդը շուտով հասկցաւ թէ գաղթականի կարաւանները իբր զոհ կը ղրկուէին իրենց»:
(այս նիւթին իբրեւ աղբիւր ծառայած է Արամ Անտոնեանի «Մեծ Ոճիրը» հատորը, հրատարակիչ՝ Աւօ Թումայեան, Փլանեթա բրինթինկ փրես (Planeta Printing Press), Պէյրութ, 1977, փոքր չափի 300 էջ)