Յարութիւն Իսկահատեան- ՊԱՅՔԱՐ 154
Թուրքերու պատմութեան եւ Օսմանեան Պետութեան կազմաւորման շուրջ խոր ուսումնասիրութեան իբրեւ արդիւնք, գերմանացի ցեղասպանագէտ ուսումնասիրող Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր յստակ գաղափար մը կազմած է թուրք ցեղին նկարագրային վատթար գիծերու մասին: Ան կ’ըսէ. «Աւելի քան մէկ միլիոն անպաշտպան հայերի կոտորածը կարելի է հնարաւոր համարել միայն, եթէ պատկերացնենք թուրքական կայսրութեան կազմաւորման ընթացքը», թուրք ցեղին մասին իր հեղինակաւոր կարծիքն ու գաղափարները արծարծելով «Հայաստանը 1915-ին, Թէ Ինչ Է Թաքցրել Կայսերական Կառավարութիւնը Գերմանահպատակներից, Հին Մշակոյթ Ունեցող Ժողովրդի Կոտորածը Թուրքերի Կողմից» խորագրեալ գիրքին (լոյս տեսած Պերլին 1930-ին, որ գերմաներենէ հայերէնի թարգմանած է Յունան Ղուկասեան, Երեւանի Պետական Համալսարանի հրատ., 2000, 112 էջ) «Թուրքական Պատմութիւնից» վերնագրեալ գլուխին մէջ (էջ 26-32):
Օսմանեան պետութիւնը եւ անոր յաջորդող թրքական իշխանութիւնները ի զուր է որ փորձած են խեղաթիւրել պատմութիւնը կամ անոր մութ անկիւնները թաքցնել քննող աչքերէ ու վերլուծող միտքերէ: Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր թրքական իշխանութեան մասին կ’ըսէ. «Բռնութիւն, բռնութիւն եւ դարձեալ բռնութիւն. սա է թուրքական պատմութեան խորհրդանիշը» (էջ 27): Թուրքերը ոչ միայն հայոց հետ վայրենի վերաբերմունք ունին, այլ իրարու հանդէպ նոյնպէս: Այս վատ յատկանիշը յատուկ է միայն թուրքին եւ աշխարհի բոլոր ժողովուրդներու պատմութեան մէջ այսպիսի բռնատիրական երեւոյթ գոյութիւն չէ ունեցած, կ’ըսէ Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր, որ կը շեշտէ նաեւ թէ Օսմանեան Պետութեան պատմութեան մէջ 200 նախարարներէն 76-ը մահացած են ոչ բնական մահով եւ բոլոր սուլթաններուն մէկ երրորդը սպաննուած են: Թուրք ցեղի զաւակները Ճենկիզ Խանի բանակին մէջ կը ծառայէին եւ անոնց միակ զբաղումը ջարդարարութիւնն ու քաղաքներու կործանումն էր: Ապա Օսման՝ որու անունով կոչուեցաւ թրքական պետութիւնը, նիզակի հարուածով մը զգետնեց իր իննիսունամեայ հօրեղբայրը, որ կը փորձէր խանգարել իր ծրագրած գործը: Օսմանի որդին՝ Օրխանը ստեղծեց ենիչերիներու բանակը, որ կազմուած էր քրիստոնեայ եւ մանաւանդ հայ անչափահաս տղոցմէ, որոնց թուրքերը լաւ կերակրելով եւ ռազմատենչ կրթութեամբ կը պատրաստէին հայերը կոտորելու համար: Սուլթան Պայազիտ Ա. երբ իշխանութեան գլուխ անցաւ, անմիջապէս խեղդամահ ըրաւ իր եղբայրը: Այս մասին Ֆիրպիւխեր կ’ըսէ. «Պայազիտ Ա. այսպիսով օսմանեան իշխանութեան մէջ մտցրեց զարհուրելի մի սովորոյթ, համարեայ իւրաքանչիւր գահակալութիւն ուղեկցւում էր եղբօր եւ ազգականի սպանութեամբ»: Մուհամմէտ Գ. Սուլթան (1595-1603) սաստիկ մտավախութեան ազդեցութեան տակ իր փառասիրութեան եւ ընչաքաղցութեան գոհացում տալու համար, «քարասիւն գահի առաջ բուրգի նման իրար վրայ կիտել տուեց իր տասնըեօթ եղբայրների գլուխները» (էջ 28): Ուշագրաւ է սուլթանական ընտանիքի մէջ այն երեւոյթը, թէ գահաժառանգները իրենց եղբայրներուն կամ ազգականներուն կողմէ կը բանտարկուէին եւ ոմանք իրենց ամբողջ կեանքը կամ կէսը կալանքի տակ կ’անցնէին: Կալանաւորները իրենց ջղագրգիռ վիճակին իբրեւ փարատում, կը դիմէին ալքոհոլի եւ կնամոլութեան: Միւս կողմէ իշխանութեան հասած սուլթաններուն մեծ մասը պատասխանատուութեան համար տհաս էին եւ պետութիւնը կ’առաջնորդէին ըստ իրենց քմահաճոյքին: Անոնք մեծ տարածութիւններ կը կցէին իրենց սուլթանութեան, ժողովուրդները սպաննելով եւ անոնց ինչքերն ու ստացուածքները իւրացնելով կամ կողոպտելով:
Թրքական ցեղի նկարագրի յոռեգոյն մտայղացումներէն էր ենիչերիներու սանձարձակութիւնն ու շփացածութիւնը, որոնք կրցած էին զգետնել նոյնիսկ քանի մը սուլթաններ եւ նախարարներ: Օսմանեան պատմութեան մէջ յաճախ ենիչերիները կրցած էին պետութեան մէջ պետութիւն ստեղծել եւ ընթանալ իրենց շեղած ուղիով: Այս մասին Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր կ’ըսէ. «Նրանք [ենիչերիները- Յ. Ի.] սուլթաններին յղփացնում ու կատաղեցնում էին, փաշաներին պետութեանը խաբել տալիս, կուսակալները կարող էին գաւառները սարսափելի տանջանքի ենթարկել, բայց վա՜յ այն սուլթանին կամ մեծ վեզիրին, ով կը յանդգնէր նուազեցնել ենիչերիների արտօնութիւններից մէկն ու մէկը: Նրա կտրուած գլուխը յաջորդ առաւօտն իսկ կը զարդարէր Պապի Հումայունի կողքի որմնախորշերից մէկը: Այդպէս իրենց վախճանն ունեցան երկու սուլթան եւ քսաներկու մէծ վեզիր» (էջ 30): Այս դէպքերը մղեցին սուլթան Մահմուտ Բ.-ը, 1828-ին, որ մեծ վեզիր Հիւսէյն փաշայի ջանքերով ու ձեռքով գնդակահարել տայ 40 հազար ենիչերի Կ. Պոլսոյ մէջ:
Թուրք մարդու էութեան վերոյիշեալ նկարագրութեան լոյսին տակ Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր խոր զարմանք կը յայտնէ, թէ Ա. Համաշխարհային Պատերազմի սկիզբն ու անոր ընթացքին գերմանական իշխանութիւնը ինչպէ՞ս ինքնիրեն արտօնեց գործակցիլ երիտթուրքերու հետ: Ան կ’աւելցնէ. «Բոլոր տեսանկիւններից դիտելով, երիտթուրքերը նախորդ թուրքերի ժառանգորդներն էին: Այս նորելուկները համակուած էին իշխանութեան հասնելու դիւային կամքով: Նրանք համաձայն էին Թուրքիային կրկին հսկայի կերպարանք տալու ամէն մի միջոցի, որպիսին նա երբեմնի եղել էր, որպէսզի իրենք միւս տէրութիւնների հետ վարուեն այնպիսի վայրագութեամբ, ինչը նրանք հարիւրամեակներ շարունակ համբերութեամբ յանդուրժել էին» (էջ 30-31): Իրենց հիւանդագին հոգեբանութեամբ դրուած քանդիչ եւ հակամարդկային նպատակներու իրականացման համար, Թալաաթն ու Էնվերը հսկայական ճիգ թափեցին փորձելով վերացնել հայ ազգը:
Երբ եւրոպական պետութիւններու թագաւորներ կամ կայսրեր պատուիրակներու միջոցով սուլթանին կը դիմէին՝ թուրքերու գործած որոշ սխալ մը սրբագրել տալու համար, սուլթանները վայրագօրէն կը հակազդէին հրէշաբար սպաննելով պատուիրակները: Երբ եւրոպացի դեսպան մը դիմեց Մուրատ Դ. սուլթանին եւ բողոք մը յանձնեց անոր, վերջինս, որ լաւագոյն սուլթաններէն մէկու համբաւը ունէր, իր աչքերուն առջեւ ողջ-ողջ ցիցի վրայ հանել տուաւ դժբախտ ենթական: Թէեւ թուրք մեծաւորները զգոյշ էին օտարներու աչքերուն դիմաց վայրագութիւն չգործելու, սակայն կը շեշտէ Ֆիրպիւխեր, թէ «որտեղ պատեհութիւն է եղել նրանք բաց են թողել իրենց արիւնարբութեան սանձերը» (էջ 31):
Յունաստանի ազատագրական պայքարի ընթացքին թուրքերը յիսուն հազար այրեր, կիներ ու երեխաներ Քիոսի եւ Փսարայի մէջ մորթեցին իրենց բռնատիրական նպատակներու իբրեւ միջոց: Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր վերադառնալով Հայասպանութեան կ’ըսէ. «Վերջին տասնամեակներին հայերի սպանութիւնները գնալով դարձան աւելի յաճախակի եւ առաւել զարհուրելի: Արդէն որոշ բաներ ասուել են այն ահաբեկումների մասին, որոնք տեղի ունեցան դեռեւս մեր ժամանակներում՝ Ապտիւլ Համիտի իշխանութեան ներքոյ: Սակայն թուրքական պատմութեան բոլոր սարսափների պսակը 1915թ. Կովկասեան Ցեղասպանութիւնն էր» (էջ 32):
Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր կ’ըսէ թէ թուրք ժողովուրդը մշակոյթ չէ ունեցած: Անոր լեզուն կը մնայ իր նախնական ձեւի սահմաններուն մէջ: Իսկ գրականութեան մասին նախընտրելի է չխօսիլ, միայն այն իրողութիւնը բաւարար է փստելու այս միտքը, թէ թուրքերը պարսկական եւ արաբական գրականութենէն հատուածներ առած են թրքական գրականութիւն մը պատճէնելու ջանքով եւ վիճելի ձեւով օգտագործած գողցուած աւանդութիւնները: Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր Ճարտապետութեան մասին խօսելով կ’ըսէ. «Երբեք գոյութիւն չէ ունեցել թուրքական ճարտարապետութիւն: Թուրքերը պարզապէս կործանել են այն ամէնը, ինչ ժառանգել են նախորդ ժամանակներից: Վիթխարի կառոյցներ ծագում են նախաթուրքական ժամանակներից (Այա Սոֆիա Նեֆրիտէ, կապոյտ մզկիթը) կամ էլ կառուցուել են սուլթանահպատակ քրիստոնեայ ճարտարապետների կողմից: Գիտութիւնը տեղ չի ունեցել Թուրքիայի հողում: Թուրքը կարողացել է ընդօրինակել այն էլ խիստ մակերասայնօրէն, առանց սակայն հոգեւոր ոեւէ բնագաւառում իսկապէս ստեղծագործաբար աշխատելու» (էջ 32):
Հայնրիխ Ֆիրպիւխեր այս գլուխին վերջաւորութեան կը շեշտէ Թուրքիոյ ռազմատենչ հոգեբանութիւնը: Թուրքերու յոռի յատկանիշներու խորհրդանիշներն են բռունցքը, ահը, սարսափը, կոտորածներն ու յարատեւ պատերազմները՝ վայրագութիւններով լեցուն: Ան խստօրէն կը քննադատէ գերմանական իշխանութիւնները լրբօրէն գործակցած ըլլալու համար թուրքին եւ անոր հրոսակային արարքներուն, Գերմանիոյ այս ընթացքը որակելով խայտառակութիւն:
Լաւ է որ թուրք անհատին մասին ամբողջ իրականութիւնը ըսուած է գերմանացիի մը կողմէ, որ միեւնոյն ժամանակ խստօրէն քննադատած ու դատապարատած է իր իսկ պատկանած ազգին իշխանութեան սերտ գործակցութիւնը այդ վայրենաբարոներուն հետ: Ինչպէս կ’ըսուի մեկնաբանութիւնները աւելորդ են: