ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.»․- Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ, երկրի նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի պաշտօնազրկման դատավարութիւնը պիտի սկսի Երկուշաբթի, 8 Փետրուարի շաբթուան ընթացքին, յայտնեց Ծերակոյտի դեմոկրատ մեծամասնութեան ղեկավար Չաք Շումըր:
Ներկայացուցիչներու տունը ձայներու մեծամասնութեամբ որդեգրած էր վայրագ ապստամբութիւն հրահրած Թրամփը պաշտօնանկ ընելու վերաբերեալ ամբաստանագիրը: