ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Պի.Պի. Սի.».- Չորեքշաբթի, 12 Դեկտեմբերին, Նիւ Եորքի ատեան մը 36 ամսուան բանտարկութեան դատապարտեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տօնալտ Թրամփի նախկին փաստաբան Մայքըլ Քոհընը, որ ընդունած էր, թէ 2016-ի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին, հետեւելով նախագահին ցուցմունքներուն՝ խախտած է երկրին ընտրական օրէնքները եւ Քոնկրեսին սուտ խօսած է։
Դատաւոր Ուիլիըմ Փօլի շեշտեց, թէ Քոհընի տկարութիւնը այն եղած է, որ «կուրօրէն հաւատարիմ մնացած է Տօնալտ Թրամփին», որ զինք խրատած է «երթալ մութի ճամբաներով, լուսաւորներուն փոխարէն»։
Քոհընի պատիժը մեղմացած էր Ռուսիոյ հետ Թրամփի ընտրապայքարին գործակցութիւնը հետապնդող յատուկ դատախազին հետ գործակցելու անոր որոշումին շնորհիւ։
Կը թուի, թէ Թրամփ արդէն իսկ սկսած է իր ինքնապաշտպանութեան՝ իրեն յատուկ ոճով, պնդելով, որ զինք պաշտօնազրկելու որոշում մը ժողովուրդին կողմէ ապստամբութեան պիտի առաջնորդէ։