Երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին խումբ մը ցուցարարներ փակեցին Թրիփոլիի Նուր հրապարակը` զոյգ ուղղութիւններով:
Լիբանանեան բանակը անմիջապէս հասաւ հրապարակ եւ փորձեց ցրուել ցուցարարները, որոնք քարկոծեցին բանակայինները, ինչպէս նաեւ քանդեցին շրջանին մէջ գտնուող դրամատան մը ցուցափեղկը:
Երկու ժամ ետք Նուր հրապարակին վրայ գտնուող ցուցարարներուն թիւը բազմացաւ, եւ անոնց մէկ մասը սկսաւ քարկոծել Թրիփոլիի սերայը:
Բանակը կարծր կերպով միջամտեց` կասեցնելու ցուցարարներուն ընթացքը եւ յաջողեցաւ հեռացնել զանոնք:
Տեղեկատուական կարգ մը աղբիւրներ հաստատեցին, որ ապահովութեան ուժերը կրցած են ձերբակալել 10 սադրիչներ, որոնք ուղղակիօրէն առնչուած են Թրիփոլիի խափանարարական արարքներուն հետ, ինչպէս նաեւ կը ներկայացնեն այն անհատները, որոնք ձեռնառումբեր ունեցած են:
Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ ապահովութեան ուժերը կը փորձեն բացայայտել այդ յանցագործներուն պատկանած խմբաւորումներուն ինքնութիւնը:
Միւս կողմէ, ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Ֆահմի երէկ յետմիջօրէին նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն, Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, Պետական անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Թոնի Սալիպա, Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքի պետ գնդապետ Խալետ Համմուտ եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Թոնի Քահուաժի:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանեան բոլոր շրջաններուն եւ յատկապէս Թրիփոլիի ապահովական իրավիճակը:
Ֆահմի ընդգծեց ապահովական բոլոր կառոյցներուն միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդելու կարեւորութիւնը` քաղաքացիներն ու պետական եւ սեփական կառոյցները պաշտպանելու նպատակով:
Ան նշեց, որ Թրիփոլիի մէջ գործուած խափանարարական արարքներն ու պետական հաստատութիւնները քանդելը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի հրկիզումը անօթիներու յեղափոխութեան հետ ոչ մէկ կապ ունին:
«Թրիփոլի պիտի շարունակէ գոյատեւել իր իմաստուն զաւակներով եւ հեռու պիտի մնայ իր ու Լիբանանի ապահովութիւնը թիրախ դարձնող սադրիչներուն ծրագիրներէն», ըսաւ ան:
Երեկոյեան հարցազրոյցի մը ընթացքին Ֆահմի հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած խափանարարական արարքները ֆինանսաւորուած են, յատկապէս նկատի ունենալով ապահովութեան ուժերուն դէմ օգտագործուած պայթուցիկներն ու ձեռնառումբերը:
Ան շեշտեց, որ ինք չի կրնար հետաքննութեան ընթացքը բացայայտել, սակայն կրնայ ընդգծել, որ պատահած դէպքերուն նպատակը լիբանանեան պետութեան հեղինակութիւնը բզկտել էր, «իսկ ապահովութեան ուժերը կը շարունակեն հարցաքննել ձերբակալուածները», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ապահովութեան ուժերը ունէին տեղեկութիւններ, թէ ոմանք մտադրած էին մուտք գործել Թրիփոլիի սերայ եւ զայն ներսէն հրկիզել:
Ֆահմի յայտնեց, որ ինք այցելած է Թրիփոլի` առանց այդ մասին յայտարարելու, սակայն այդ մասին իմացած են նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի եւ Թուֆիք Սուլթան: «Ի վերջոյ ամէն գնով պիտի պայքարինք պահպանելու համար լիբանանեան պետութեան հանգամանքը», ըսաւ ան:
Նշենք, որ երկրին իշխանութեան պետերն ու քաղաքական ուժեր եւ անձնաւորութիւններ խստիւ դատապարտեցին Թրիփոլիի դէպքերը` պահանջելով պատժել յանցագործները եւ մերժել քաղաքը վերածել քաղաքական պատգամներ ուղղելու վայրի:
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաապտայի մէջ ընդունեց փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրը, որուն հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, յատկապէս նախանցեալ գիշեր Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած խափանարարական արարքները, որոնց իբրեւ հետեւանք խուլիկաններու կողմէ հրկիզուեցաւ Թրիփոլիի քաղաքապետարանը, ինչպէս նաեւ վնասուեցան շրջանին պետական եւ կրթական կառոյցները:
Աքըր նախագահ Աունին ներկայացուց լիբանանեան բանակին պատրաստած տեղեկագիրները, որոնք կը վերաբերին Թրիփոլիի դէպքերուն, ինչպէս նաեւ այն միջոցառումներուն, որոնք պէտք է որդեգրուին` պետական եւ սեփական կառոյցներուն վրայ յարձակումներուն կրկնութիւնը կանխարգիլելու նպատակով:
Նախագահ Աուն պահանջեց Թրիփոլիի մէջ գործուած արարքներուն մասին հետաքննութիւն բանալ եւ հետապնդել այն սադրիչները, որոնք խաղաղ ցուցարարներու շարքերուն մէջ ներթափանցեցին եւ գործեցին խափանարարական այս արարքները, որոնք արժանացան բոլորին, յատկապէս Թրիփոլիի բնակիչներուն դատապարտումին:
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ զգուշացուց Թրիփոլիի մէջ պատահած ու պատահող իրադարձութիւններուն վտանգէն:
«Թրիփոլին կը մնայ սիրտը եւ կը ներկայացնէ հայրենիքին բոլոր ուղղութիւնները: Այսօր լուծում ունեցող կողմերէն, յատկապէս` ընթացիկ հարցերու կառավարութենէն, իրենց պատասխանատու դիրքերէն ելլելով, իսկ «Փրկութեան» կառավարութեան կազմութեան պատասխանատուներէն եւ այդ կառավարութեան կազմութիւնը արգելակողներէն անմիջական կերպով կը պահանջուի արագ շարժիլ` մարելու համար քաղաքական, ապահովական, ապրուստի, բարգաւաճման, առողջապահական, հաշիւներ մաքրելու եւ արտաքին օրակարգերու մրցակցութեան բոցերը, որոնք սկսած են երեւիլ Լիբանանի երկրորդ մայրաքաղաքին` Թրիփոլիի պարզած արիւնալի պատկերներուն մէջ», ըսաւ Պըրրի:
Ան հաստատեց, որ բոլորէն պահանջուած է վերջ տալ ժողովուրդին ցաւը, անօթութիւնը, վիշտը, մտահոգութիւնը եւ իրենց ճակատագիրին նկատմամբ վախը շահագործելու երեւոյթին` փոխանակ քաղաքական աժան ներդրումներ կատարելու, նախարարական կամ պաշտօն ստանձնելու` ի գին հայրենիքին քանդումին: «Սակայն մենք համոզուած ենք, որ Թրիփոլիի զաւակները պիտի պաշտպանեն անոր միասնականութիւնը, արաբականութիւնը, քաղաքացիական անվտանգութիւնը եւ ազգային համերաշխութիւնը», ըսաւ ան:
Պըրրի ընդգծեց նաեւ, որ հիւսիսային Լիբանանի, Աքքարի, Հերմելի ու Թրիփոլիի Թըպպանէի, Մանքուպինի, Ժապալ Մոհսենի, Ապի Սամրայի, Պապ Ռամըլի, Պոհսասի եւ Զահիրիէի ու այլ շրջաններու զրկանքը մերժելի է եւ կարելի չէ անտեսել զայն: «Պէտք է արագ շարժիլ` այդ շրջաններէն տառապանքը վերացնելու եւ շրջանի բնակիչներուն արժանապատիւ կեանք ապահովելու», ըսաւ ան:
Պըրրի նկատել տուաւ, որ պէտք է նաեւ անդրադառնալ նախանցեալ գիշեր ծրագրուած կերպով Թրիփոլիի պետական հաստատութիւններուն, քաղաքապետարանին դատական եւ կրթական կառոյցներուն հրկիզումին, որ խիստ դատապարտելի է եւ Թրիփոլիի բնակիչներուն անյարիր է: «Ժամանակը հասած է, որ բոլորը պատասխանատուութիւն ստանձնեն հիւսիսային Լիբանանը փրկելու, որպէսզի հայրենիքը փրկած ըլլանք: Արդեօք ձեռնածա՞լ պէտք է դիտել հիւսիսային Լիբանանի հրդեհը եւ տեսնել հայրենիքին սիրտը նկատուող Թրիփոլիի հրկիզումը: Եթէ սիրտը հրկիզուի, ապա Լիբանան գոյութիւն չ՛ունենար», ըսաւ ան:
Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատեց, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը կազմակերպուած եւ կանխամտածուած ոճիր է, որուն պատասխանատու են բոլոր անոնք, որոնք մեղսակցած են քաղաքին ապահովական կայունութիւնը հարուածելու, անոր հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանը հրկիզելու եւ անոր փողոցները իրենց քաոսով բռնագրաւելու:
«Թրիփոլին հրկիզողները ոճրագործներ են, որոնք քաղաքին ու անոր զաւակներուն չեն պատկանիր: Անոնք օրուան ապրուստին անունով դանակ խրեցին Թրիփոլիի ապահովութեան եւ արժանապատուութեան կողը: Խիստ մերժելի է ապրուստի կամ քաղաքական որեւէ կարգախօսի ներքեւ դաշունահարել Թրիփոլին, ի՛նչ կողմ կամ խմբաւորում ըլլայ անիկա եւ քաղաքական ի՛նչ պատկանելիութիւն կամ գունաւորում ունենայ ան:
Կը զօրակցինք Թրիփոլիի մեր ընտանիքներուն եւ անոնց հետ միասնաբար հարց կու տանք, թէ ինչո՞ւ լիբանանեան բանակը առանց միջամտելու դիտեց Թրիփոլիի սերային եւ քաղաքապետարանին հրկիզումը: Իսկ ո՞վ պիտի պաշտպանէ Թրիփոլին, եթէ բանակը զլանայ պաշտպանել զայն:
Կայ պատասխանատուութիւն, որ պէտք է ստանձնուի անոնց կողմէ, որոնց վստահուած է այդ պատասխանատուութիւնը, եւ անընդունելի պիտի ըլլայ Թրիփոլիի զաւակները մեղադրելու պատճառաբանութիւնը:
Եթէ քաղաքին մէջ ծայրայեղութիւնը զարգացնելու ծրագիր մը կայ, ապա ո՞վ արտօնած է նման բան, եւ լիբանանեան պետութիւնը ինչպէ՞ս նման բան կ՛արտօնէ Լիբանանի պատմութեան մէջ ամէնէն վատ եւ վտանգաւոր փուլին ընթացքին:
Թրիփոլին խուլիկաններու քաղաքի պիտի չվերածուի եւ ան ունի իր բնակչութիւնը, որ զինք կը պաշտպանէ, ըսաւ Հարիրի:
Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ դատապարտեց Թրիփոլին քաղաքական սուր պատգամներու հրապարակի վերածելը` աւելցնելով, որ հոն գործուած խափանարարական արարքները կը փափաքին անոր պատմութիւնն ու աւանդները ծածկել, զայն ներկայացնել վայրագութեան պատկերով, ինչպէս նաեւ ջլատել մարտահրաւէրներուն դիմադրելու անոր կամքի ուժը:
«Թրիփոլին եւ անոր պետական, կրթական, տնտեսական ու դատական կառոյցները հրկիզող ոճրագործները բացայայտեցին Թրիփոլիի եւ անոր կամքին ու կորովին հանդէպ իրենց անթեղուած ատելութիւնը: Ներկայիս մարտահրաւէրը այն է, որ մենք ձախողեցնենք այդ ոճրագործներուն նպատակները` զանոնք մէկ առ մէկ ձերբակալելով եւ դատական իշխանութիւններուն յանձնելով: Այլ մարտահրաւէր մըն է նաեւ այս արարքներուն մասին հետաքննութիւն բանալ եւ տեսնել, թէ ո՛վ արտօնած է, որ Թրիփոլիի փողոցներն ու պետական հաստատութիւնները վայրագութեան թիրախ դառնան: Իսկ հիմնական մարտահրաւէրը այն է, որ մենք ձախողեցնենք բոլոր սադրիչներուն հրէշային ծրագիրները` ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին վերականգնելով քաղաքապետարանը, որպէսզի ան մնայ Թրիփոլիի պատմութեան եւ աւանդներուն խորհրդանիշը», շեշտեց Տիապ:
Միւս կողմէ, երեկոյեան Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքան Չաքըլը` ներկայութեամբ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէի:
Հանդիպումին ընթացքին թուրք դեսպանը Թուրքիոյ պատրաստակամութիւնը յայտնեց օժանդակելու Թրիփոլիի քաղաքապետարանին, սերային եւ հոգեւոր դատարանին վերանորոգութեան աշխատանքներուն: Ան աւելցուց, որ Թուրքիա պատրաստ է ընկերային օժանդակութիւններ տրամադրելու Թրիփոլիի ամէնէն կարիքաւոր ընտանիքներուն եւ նախանցեալ օրուան դէպքերէն տուժածներուն:
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան դատապարտեց Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած խափանարարական արարքները` հաստատելով, որ Թրիփոլիի մէջ պատահածը ապահովական քանդիչ պատգամ մըն է, մինչդեռ Թրիփոլիի զաւակները յանձնառու են ազգային համերաշխութեան եւ իսլամ-քրիստոնեայ գոյակցութեան:
«Լիբանանը առանց փրկութեան կառավարութեան ձգելը պատասխանատուութենէ խուսափիլ է. անիկա Լիբանանը, լիբանանցիները եւ անոնց ապահովութիւնը լքելու համազօր է, հետեւաբար մերժելի է, ու կարելի չէ այդ մասին լուռ մնալ», ըսաւ ան` կոչ ուղղելով կառչած մնալու պետական հաստատութիւններուն:
Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց ապահովական կառոյցներուն եւ դատական իշխանութիւններուն հետապնդելու, ձերբակալելու եւ պատժելու յանցագործները, որպէսզի Թրիփոլիի համար արդարութիւնը հաստատուի:
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ արձանագրուած դէպքերուն հիմնական պատճառը ապրուստն է ու ժողովուրդին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը, որ աւելի վատթարացաւ երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումին պատճառով:
«Թրիփոլիի մէջ կայ ժողովուրդի խաւ մը, որ իր օրապահիկով կը գոյատեւէ, եւ ամբողջական փակումի որոշումին նախօրեակին խնդրած էի զանոնք բացառութիւն նկատել, սակայն առաջարկս ընդառաջում չգտաւ: Այս պարագային լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է», ըսաւ ան:
Միքաթի մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն յանձնառու մնայ երկրին սահմանադրութեան գործադրութեան` աւելցնելով, որ իրենց գրաւը միշտ ապահովական հաստատութիւններուն եւ բանակին վրայ է: