28 ապրիլի առաւօտը նման էր 27 ապրիլի գիշերուան ուշ ժամերուն, երբ բռնկեցան Թրիփոլիի ցոյցերը, որոնք սկզբունքով սղաճին եւ քաղաքացիներուն տնտեսական խոցելի վիճակին իբրեւ բողոք կը կատարուէին, սակայն ի վերջոյ անոնք վերածուեցան լիբանանեան բանակին եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներու:
Երկուշաբթի գիշեր բախումներուն ընթացքին ցուցարարները հրկիզեցին «Լիբանանեան ֆրանսական» դրամատունը, ինչպէս նաեւ «Պլոմ» դրամատունը: Արձանագրուած կրակոցներուն պատճառով վիրաւորուած երիտասարդ Ֆաուազ Սամման մահացաւ: Ցուցարարներուն շարքերուն մէջ ընդվզում յառաջացուցած այս միջադէպը մղեց, որ անոնք Սամմանը կոչեն աղքատներուն նահատակը:
Երէկ առաւօտեան Թրիփոլիի Ապտել Համիտ Քարամէ հրապարակին վրայ ցուցարարները սկսան համախմբուիլ եւ պարբերաբար բախումներ ունենալ լիբանանեան բանակին հետ:
Անոնք բանակայինները քարկոծումի թիրախ դարձուցին եւ փորձեցին փակել հրապարակը, ուր նաեւ պիտի կատարուէր Սամմանի ժողովրդային յուղարկաւորութիւնը: Սակայն նկատի ունենալով տիրող լարուածութիւնը, Սամմանի ընտանիքը որոշեց դիակը մզկիթէն ուղղակի փոխադրել գերեզմանատուն:
Յուղարկաւորութենէն ետք, ընդվզած խմբաւորումները ուղղուեցան Թրիփոլիի տարբեր շրջաններ, յատկապէս` Թալլի հրապարակը, Նըժմէի հրապարակը, Զահրիէ փողոցն ու դրամատուներու փողոցը, ուր անոնք հրկիզեցին շարք մը այլ դրամատուներ:
Ամբողջ կէսօրէ ետք Թրիփոլիի մէջ այդ մթնոլորտը մնաց տիրական: Բախումներուն ընթացքին ցուցարարները հրկիզեցին նաեւ ներքին ապահովութեան ուժերուն պատկանող երկու ինքնաշարժներ:
Օրուան ընթացքին ցուցարարներուն եւ բանակին միջեւ բախումներ արձանագրուեցան նաեւ Կեդրոնական Պէյրութի մէջ: Յետմիջօրէին ցուցարարները փակեցին տարբեր շրջաններու մայրուղիներ, ինչպէս նաեւ Ռինկի կամուրջը:
Երեկոյեան ժամը 9:00-ին, Թրիփոլիի, Պար Էլիասի եւ Սայտայի մէջ ցուցարարները վերադարձան փողոց եւ դարձեալ բռնարարքներ ի գործ դրին, այլ դրամատուներ հրկիզեցին` շարունակելով քարկոծել բանակայինները:
Սայտայի, Սուրի, Տպպայէի, Նաամէի, եւ Փալմայի մայրուղիները փակուեցան հրկիզուող անիւներով:
Սայտայի Կեդրոնական դրամատունը թիրախ դարձաւ քոքթէյլմոլոթովներու տարափին եւ մասամբ հրկիզուեցաւ:
Սակայն ամէնէն բուռն բախումները արձանագրուեցան Թրիփոլիի մէջ, ուր ցուցարարները յարձակեցան բանակայիններուն վրայ եւ ուղղուեցան Մինայի շրջան` հրկիզելով «Ֆրանսապանք»-ը, ինչպէս նաեւ քարկոծելով նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի բնակարանը:
Բանակը արցունքաբեր կազերով փորձեց ցրուել ցուցարարները, որոնք յաւելեալ ընդվզումով շարունակեցին իրենց խուլիկանութիւններն ու բանակին դէմ յարձակումները, որոնք կէս գիշերին այդքան բուռն դարձան, որ բանակայիններ ստիպուեցան օդը կրակել` ցրուելու համար ցուցարարները:
Կէս գիշերին ցուցարարները ուղղուեցան Համրա եւ քարկոծեցին Կեդրոնական դրամատունը, իսկ Տպպայէի մէջ ցուցարարներուն եւ բանակայիններուն միջեւ ընդհարումներուն պատճառով արձանագրուեցան ձերբակալութիւններ եւ վիրաւորներ:
Ֆրըն Շըպպեքի մէջ եւս կէս գիշերին ցուցարարներ հրկիզեցին ելեկտրոնային դրամարկղեր` իբրեւ բողոքի արտայայտութիւն: